Ակնարկ. Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Մեքանիզմի Առաջարկը -
Ակնարկ. Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Մեքանիզմի Առաջարկը
Սուրիական տարածքին վրայ թրքական թիրախներու դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը Անգարա-Թել Աւիւ լարուածութեան նոր աստիճանաչափ կը գրանցէ: Միջնորդաւորուած բախումներ` գործող իշխանութիւններու յարող զինեալ խմբաւորումներու եւ տիւրզիներու ճամբով արձանագրուած էին: Հիմա ուղղակի թրքական ռազմակայան է, որ կը հարուածուի իրավիճակին հաղորդելով նոր բնոյթ:
Այս քայլով Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ թրքական նոր յենակէտեր տրամադրելու Դամասկոսի որոշումին կտրուկ դէմ է: Պաշտօնական Թել Աւիւը յայտնած է, որ Սուրիան այս ձեւով փոխըմբռնման հասկացողութիւնը խախտած է` անտեսելով իսրայէլեան զգուշացումները:
Ուշագրաւ է Ուաշինկթընի դիրքորոշումը: Ըստ անոր, Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բախումը արգիլելու մեքանիզմի մը ստեղծման շուրջ: Մինչ, Իսրայէլ քանի մը առիթով յայտարարած էր, որ իր այս գործողութեան համար նախապէս տեղեակ պահած էր Ուաշինկթընը: Նոյնքան ուշագրաւ է ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութիւնը առ այն, որ Թուրքիան զգուշացուած չէր յարձակումէն: Այս կ՛ենթադրէ, որ Ուաշինկթըն տեղեակ պահուած ըլլալով իր հերթին չէր տեղեկացուցած Թուրքիան նման զարգացումէ մը, եթէ ընդունինք յայտարարութեան հաւաստիութիւնը եւ բացառենք այս բոլորին համաձայնեցուած ըլլալու վարկածը:
Մեքանիզմը կը նշանակէ կանխարգելիչ ձեւաչափ: Քաղաքական բանականութիւնը կը յուշէ, որ Ուաշինկթըն նախ կանաչ լոյս տուած է իսրայէլեան հարուածներուն, ապա յայտարարած, որ անհրաժեշտ է գործիքակազմ մը, որպէսզի հարուածները չշարունակուին եւ բախումներու չվերածուին իր երկու դաշնակից պետութիւններուն միջեւ:
Թրքական ռազմակէտերու տեղակայումը արտօնուած է: Արտօնուած է նաեւ իսրայէլեան հարուածը: Հիմա ալ անհրաժեշտ է մեքանիզմի կազմութիւնը: Մեքանիզմի կառոյցն ու բաղադրութիւնը սակայն յստակ չեն: Կ՛ենթադրուի սակայն, որ ամերիկեան դերակատարութիւն կ՛ակնկալուի վերահսկողութեան տակ առնելու համար կացութիւնը, յաւելեալ զարգացումներ կանխարգիլելու համար:
Ընդհանուր պատկերը պէտք է վերյիշել ամէն անգամ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերը բեմադրական թէ իրողական բախումներ կ՛արձանագրեն: Սուրիոյ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք ամէնէն նպաստաւորուած պետութիւնները Իսրայէլն ու Թուրքիան են, որոնք ձեւաւորած են անվտանգային գօտիներ սուրիական տարածքներու վրայ: Այդ գօտիներու ձեւաւորումը կայացած է ամերիկեան վերահսկողութեամբ եւ տնօրինումով նոյնիսկ: Անվտանգային հարթութեան վրայ շահերու բախումն ու նոյնիսկ հարուածները կ՛արձանագրուին նոյն վերահսկողին գիտութեամբ, համաձայնութեամբ: Մեքանիզմի յանգին թէ ոչ, յամենայն դէպս Միացեալ Նահանգներու ուժերը կը շարունակեն վերահսկել սուրիական տարածքներու վրայ ռազմավարական եւ ուժանիւթային նշանակութիւն ունեցող տարածքներ եւ գօտիներ:
Ընդհանուր պատկերին վրայ կեդրոնացած մանրադիտակը ցոյց կու տայ ամերիկեան, իսրայէլեան եւ թրքական գօտիներ: Բախման թէ համակարգուող կէտերով: Այս դրուածքը ուժերու փոխհակակշռման մեքանիզմ կ՛ենթադրէ: Ա՛յդ մեքանիզմի մասին է շատ հաւանաբար, որ կ՛ակնարկէ ամերիկացի պաշտօնատարը:
«Ա.»
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com