Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանը Անփոփոխ Պահեց Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Դատավճիռը -
Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանը Անփոփոխ Պահեց Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Դատավճիռը
Պաքուի Վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ պահեց դատավճիռը Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, որոնք դատապարտուած են ցմահ կամ 20 տարուան բանտարկութեան: Լուրը հրապարակած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, որոնք նաեւ լուսանկարներ տեղադրած են դատական նիստէն:
Յիշեցնենք, որ 5 փետրուարին Պաքուի ռազմական դատարանը Արայիկ Յարութիւնեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Իշխանեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը դատապարտած էր ցմահ բանտարկութեան, Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը` 20 տարուան, Մատաթ Բաբայեանն ու Մելիքսէթ Փաշեանը` 19 տարուան, Գարիկ Մարտիրոսեանը` 18, Դաւիթ Ալավերդեանն ու Լեւոն Բալայեանը` 16, Վասիլի Բեգլարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը` 15 տարուան բանտարկութեան:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com