Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Իսրայէլ Այսօր Յունաստանի Հետ Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ` Թուրքիոյ Եւ Իրանի -
Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Իսրայէլ Այսօր Յունաստանի Հետ Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ` Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կողմէ Հաւանական Սպառնալիքներու Դիմակայման Համար Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգ Վաճառելու Շուրջ
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յունաստան այսօր Թել Աւիւի մէջ պիտի ստորագրէ 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական գործարք մը` Թուրքիայէն ու Իրանէն հաւանական սպառնալիքներու դիմակայման նպատակով համարկուած, բազմաշերտ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու համար:
Օրաթերթը նշեց, որ գործարքը, որուն շուրջ բանակցութիւնները տեւած են երեք տարի, պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատմութեան մէջ պաշտպանական արտածումի մեծագոյնը` շրջանցելով 2023 թուականին Գերմանիոյ «Էրօ 3» համակարգ ծախելու 3,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքը:
Գործարքին հիմամբ «Ռաֆայէլ» ընկերութիւնը Յունաստանին պիտի տրամադրէ «Դաւիթի պարսատիկ» համակարգեր` դիմակայելու համար ծանր ու հեռահար հրթիռները, փոխադրուող «Սփայտըր» համակարգեր` դիմակայելու համար անօդաչու թռչող սարքերը, իսկ իսրայէլեան օդային ռազմարդիւնաբերութեան ընկերութիւն մը պիտի տրամադրէ հակաօդանաւային եւ հակահրթիռային «Պարաք Էմ. Էքս» համակարգ մը:
Գործարքը նաեւ կը ներառէ ստեղծումը Իսրայէլի մէջ օգտագործուող կեդրոնին նման արհեստական բանականութեան կարելիութիւններով յագեցած ազգային հրամանատարական եւ վերահսկողական կեդրոնի մը` համակարգերը գործարկելու եւ վնասազերծման գործողութիւնները կառավարելու համար:
Կ՛ակնկալուի, որ յունական ընկերութիւնները գործարքէն պիտի ստանան շուրջ 700 միլիոն եւրօ` երկու իսրայէլեան ընկերութիւններու հետ ենթակապալառուներու կարգավիճակով աշխատելու միջոցով:
Ծրագիրը Յունաստանի մէջ ծանօթ է «Աքիլլեսի վահան» անունով եւ կը ներառէ յունական շարք մը կղզիներու, որոնց շարքին իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու հանգստավայր եղող կղզիներու մէջ «Սփայտըր» համակարգերու տեղակայում:
Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ Յունաստանը դարձած է Իսրայէլի պաշտպանական արդիւնաբերութեան կարեւորագոյն յաճախորդներէն մէկը` գնելով «Սփայք» եւ «Ռամփէյճ» հրթիռներ, «Սփայս» ճշգրիտ կառավարուող ռումբեր եւ «Հերոն 2» անօդաչու թռչող սարքեր:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com