Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդո - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

13 Kasım 2012  

Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդո -

Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդո Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունման

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Ֆրանսա, ուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ֆրանսան բարձր կը գնահատեն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները:

Այս տեղեկութիւնները փոխանցող «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի համաձայն, Ֆրանսայի նախագահը հայաստանցի իր պաշտօնակիցին ի պատիւ կազմակերպած է ճաշի հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուած են ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավարներ: Ֆրանսայի նախագահը այս հաւաքոյթին ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման: Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել իրաւական հիմքեր` Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծի առկախումէն խուսափելու համար:

Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Հոլլանտ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛ուզէ ընդարձակել Հայաստանի հետ մշակութային յարաբերութեան շրջագիծը: «Մենք նաեւ կ՛ուզենք ամրապնդել տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորած է Ֆրանսուա Հոլլանտը` Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հայաստանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ դրսեւորած իրենց կեցուածքին համար, որ շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար: «Ֆրանսայի նախագահն էր կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դրա ժխտումը քրէականացնող օրինագծի ակունքներում», շեշտած է Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ անդրադարձած են ղարաբաղեան տագնապին առնչուող հարցերու:

Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւնը` բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ: «Ֆրանսա ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին: Լուծումը պէտք է հիմնուի Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ», յայտնած է Հոլլանտ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+