Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած - Հայերէն
04 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Մարգար / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

03 Kasım 2012  

Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած -

Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանին մէջ պայթիւն տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով երիտասարդ հայ կին մը վիրաւորուած է: Անոյշ Աբովեանը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց: Բարեբախտաբար լուրջ վնասուածքներ չունենալով, արդէն ելած է հիւանդանոցէն: Տեղեկութիւններ կան, որ տուժածներուն մէջ եւս մէկ հայ կայ, որուն ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած: Սուրիական ՙՍԱՆԱ՚ լրատուական գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ զինուած խմբաւորումները կը շարունակեն խախտել Ատհայի տօնին առիթով յայտարարուած զինադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Ժարամանայի մէջ 29 Հոկտեմբերին ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով 6 մարդիկ զոհուած են եւ վիրաւորուած աւելի քան 50 անձեր: Վնասուած են աւելի քան 20 ինքնաշարժներ եւ 15-էն աւելի առեւտրային կեդրոններ: Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, որոնց շարքին նաեւ հայեր կան` աւելի քան 400 հայ ընտանիքներ: Սուրիոյ աւելի քան 18 ամիսներէ ի վեր շարունակուող բախումներուն հետեւանքովª զոհուած են 30 հազարէն աւելի մարդիկ, ներառեալ գրեթէ չորս տասնեակ հայեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+