Պէյօղլուի Մէջ Ս. Պատարագ Եւ Կրթական Մշակներու Օրհնութիւն -
Պէյօղլուի Մէջ Ս. Պատարագ Եւ Կրթական Մշակներու Օրհնութիւն
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 11 Հոկտեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, Ս. Թարգմանչաց Տօնի առթիւ արարողութեանց նախագահեց եւ Ս. Պատարագը մատուցանեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեանց մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Ժամերգութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Թադէոոս Ուր. Դպ. Քարափէքմէզի։ Իսկ Ս. Պատարագի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Մարտիկ Շանթ Էսմէրի։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէ անդամներ, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէ աշակերտներ ու կրթական մշակներ եւ Շիշլիի Մարզախումբէն վարիչներ։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարաններէ կրթական մշակներ եւ աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Լուսաւորիչ եւ Ասողիկ դպրաց դասերու անդամներ, Շիշլիի Մարզախումբէն վարիչներ օրհնուեցան Հայր Սուրբի ձեռամբ եւ «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ։ Այս առթիւ հոգեհանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, ինչպէս նաեւ կրթական մշակներ եւ հայ գիրի սպասաւորներ։ Յիշատակուեցաւ նաեւ տիրահայր Յակոբճան Մաշալըն, ինչպէս նաեւ Շիշլի Մարզախումբի նորոգ հանգուցեալ անդամներէն Տիանա Ալթունը։
Նախքան օրհնութեան կարգը՝ Հայր Սուրբը քարոզեց Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի եւ անոր առաքելութեան այժմէականութեան մասին։ Ան յիշեցուց, որ 5-րդ դարուն հայ գիրերու գիւտն ու թարգմանչաց շարժումը հայ ժողովուրդին հնարաւորութիւն տուին իր մայրենի լեզուով կարդալու եւ հասկնալու Ս. Գիրքը։
Հայր Սուրբը շեշտեց, որ Աստուծոյ խօսքը կարելի է թարգմանել նաեւ մեր առօրեայ կեանքով՝ խօսքով եւ գործով արտայայտելով Աստուծոյ անսահման սէրը։ Ան աշակերտներուն յորդորեց նկատել եւ գնահատել իրենց շրջապատին մէջ սէր ու հոգատարութիւն ցուցաբերող անձերը, ինչպէս նաեւ այդ ջերմութիւնը փոխանցել ուրիշներուն։
Իր քարոզի աւարտին Հայր Սուրբը մաղթեց, որ Աստուած անսասան պահէ հայ գիրին ու մշակոյթին ծառայող բոլոր հաստատութիւնները։
Արարողութեան աւարտին Հայր Սուրբը բոլոր աշակերտաց, կրթական մշակաց եւ երգչախումբի անդամոց, Ս. Թարգմանչաց Տօնի առթիւ նուիրեց հայկական խաչեր։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com