Պոլիս…շնորհակալ Եմ… - Հայերէն
13 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Պարխար / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

13 Ekim 2026  

Պոլիս…շնորհակալ Եմ… -

Պոլիս…շնորհակալ Եմ… Պոլիս…շնորհակալ Եմ…

Չեմ գիտեր ուրկէ՞ պէտք է որ սկսիմ: Ի՞նչ բառերով պէտք է այս տողերս շարադասեմ…: Բայց եւ այնպէս, պիտի փորձեմ անպայման պարզել…, որովհետեւ ինծի համար հայ Պոլիսը լուսաւոր կէտ մը դարձած էր:

Այսպէս, այդ օր եւս, այր եւ կին, այցելեցինք Շիշլիի հայկական հսկայ գերեզմանատունը, Պոլսոյ պատրիաքարանի երիտասարդ միաբաններէն՝ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի հետ: Ու մէկ ժամէ աւելի միասին շրջեցանք ե՛ւ պատմական, ե՛ւ ազգային անոր ամբողջ տարածքը: Գերեզմանատուն: Մէկ խօսքով, հայկական իւրայատուկ հսկայ թանգարան մը, իր լայնատարած եւ յաւիտենապէս լուռ հորիզոնով, որ նոյնքան ալ պոլսահայ կեանքի պարծանքներէն մէկը դարձած էր: Ընդարձակ կառոյց մը, որ դուրսէն դիտողին մտքին մէջ, անպայման մաքուր արձագանգ կու տար: Հայկական շօշափելի վկայութիւն մը, որ առաջին իսկ տեսնելուս, բարերար գնահատում ունեցայ, պարզ եւ համեստ ականատեսի իրական աչքերովս:

Երիտասարդ հայ սուրբը, մեր հանդիպման սկիզբին, գերեզմանատան մուտքի գրասենեակին մէջ, իրենց կեանքի գործերով, պատրիարքարանի սուրբ աթոռի հոգեւորական նուիրեալներուն ընդհանուր գիծերը, տպաւորիչ կերպով ներկայացուցած էր, այս մեծ կալուածի պատմականին, նաեւ հոն յաւիտեան ննջող պատիարք հայրերուն, հայ գիրի, գիրքի ու գրականութեան սպասարկողներու կողքին:

Ու մենք, այր եւ կին, մէկ առ մէկ հետեւելով հայր սուրբին «հրամցուցած» պատմութեան, այցելեցինք ամէն քայլափոխի կանգնած կիսանդիրներուն, մեծ ու փոքր դամբարան կառոյցներուն, որոնք ոչ միայն զիս զարմացուցին, այլ տարբեր իմաստ տալով ժամերուս՝ հիացուցին: Այդպէս, յաւէտ ննջող հանրածանօթ Պալեան եւ Պէզճեան ամիրաներու դամբաններէն քիչ մը անդին, նաեւ հանդիպեցանք հոգելոյս պատրիարքներէն՝ Խորէն արք. Նարպէյի, Մաղաքիա արք. Օրմանեանի, Գարեգին արք. Խաչատուրեանի, Ներսէս արք. Վարժապետեանի, Շնորք արք. Գալուստեանի դամբարաններուն, իրենց շօշափելի վկայութիւններուն հետ միատեղ: Առաւել, այցելեցինք իրենց յայտնութիւնը արժեւորող մատաւորականներու յատուկ հողակոյտերը, որոնց տապանաքարերն ու անոնց ետին ետին պահուըտած կեանքերու շունչը, յիշողութեանս առջեւ կարգով բացին հայոց պատմութեան եւ գրականութեան դասագիրքերուս բոլոր հին էջերը:

Ապա անկէ ետք, շարունակելով մեր ծրագրած շրջապտոյտը, նաեւ այցելեցինք Պոլսոյ հանրայայտ հիւանդանոցներէն եւ հայութեան պարծանքը եղող՝ Ազգային «Ս. Փրկիչ»ին ու անոր մուտքին՝ «Պետրոս Շիրինօղլու» պատմական թանգարանին: Նոյնիսկ, աւելի մօտիկէն ծանօթացանք պատասխանատու Շիրինօղլու մեծ մարդուն որուն շրթներէն աշխարհ մը դրական ըսելիքներ կախուած էին: Սակայն եւ այնպէս հաճոյքով մտիկ ըրինք իր զեկոյցները, եւ հիացումով ալ շրջեցանք իր անունը կրող թանգարանը, որ իբրեւ բարերար գնահատում, մեզ մեծապէս զարմացուց: Անկասկած Պոլիսն ու հայ Պոլիսը, միշտ հպարտ էին իրմով:

Ու տեղին է յիշեմ, որ Պոլսէն ներս, հայ աւանդութիւնը պահպանուած էր խնամքով, եւ մանաւանդ ի՛ր գունաւոր կենդանութեամբ:

Նաեւ կը կարծեմ, որ Պոլիս այցելող իւրաքանչիւր անհատի համար, անարդար պիտի ըլլար ինքնահաճոյ մօտեցումով եւ գրիչի ծայրով անդրադառնալ ազգային նման կառոյցներուն ու պոլոսահայ կեանքի ինքնութիւն տուող բոլոր հաստատութիւններուն, յատկապէս՝ պատրիարքարանին ու Պատրիարքին: Որովհետեւ, անձնապէս հաւատացած եմ, որ մեր եկեղեցին միշտ ուրիշ էր եղած…, մեր երկրին ու հոգիին նման: Իսկ հայոց պատրիարքարանն ալ մեր անցեալէն ապագայ փոխանցող պատմական ժառանգութիւն մը դարձած էր: Անոր համար էր, որ անզուսպ ցանկութիւն մը ունէի անպայման, այցելելու, տեսնելու, մօտէն ծանօթանանալու եւ անկեղծօրէն զրուցելու օրուան Պատրիարք հօր հետ: Անձկութեամբ կը սպասէի այդ պահուն:

Եւ ահա հիմա, հասած էր այդ «ցանկալի» ժամը: Այս անգամ «Ժամանակ»ի խմբագրին հետ եկած էինք պատրիարքարան ու կը սպասէինք մեզ ընդունելու ժամուն:

Եւ եթէ որեւէ այցելու անպայման կ’ուզէր ծանօթանալ պոլսահայոց անցեալին ու ներկայիս վկայող ազգային եկեղեցական կեանքին, միակ հասցէն պատրիարքարանն էր, եւ անշուշտ՝ Պատրիարք սրբազան Հայրը,-կ’ըսէի շրջապատիս:

Ու այս պատրիարքարանը, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ գաղութը միաւորող հաստատ կամուրջ մը, աւելի ճիշդ, մեծ հովանի մը, իր վաւերական եւ պատկառելի ներկայութեամբ: Միւս կողմէ ալ չմոռնանք որ դարերէ ի վեր, Հայաստանեայց եկեղեցին, պոլսահայոց սրտերուն մէջ հաւատք բուրող մեծագոյն ազդակը հանդիսացած էր, իր անուռանալի եւ օրինակելի ոճով եւ տարազով:

Արդ, ճշդուած ժամուն արդէն Պատրիարք հայրը մեզ կ’ընդունէր իր գրասենեակէն ներս: Ու սկսանք խօսիլ, ջերմօրէն եւ մտերիմ, բազմաշերտ հարցումներու տարափով, կարօտի զգացումներով եւ որդիական յարգանքով: Խօսեցանք աւելի քան ժամ ու կէս: Մեզ իբրեւ հիւրեր, իր խօսքերը երկար եւ ամուր կապեցին: Զրուցեցինք հաւաքական մտահոգութիւններու մասին: Կատարեցինք մատնանշումներ: Ինք կը խօսէր ու կը պատասխանէր հանդարտ ու իմաստալից, մանաւանդ գրաւիչ ոճով ու ձայնով: Արծարծեցինք շրջանը յուզող «տագնապ»-հարցերն ալ: Ըրինք բաղդատութիւններ: Սրբազան հայրը նաեւ իմաստալից վերլուծումներով անդրադարձաւ հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին:

Ահա թէ ինչո՞ւ Ինք, ինծի համար իր մնայուն իրագործումներով, ծրագրումներով եւ մտածողութեամբ մեծ ու յարգուած հեղինակութիւն մըն էր:

Աւելին…բոլորին համար Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը, Պոլսոյ պատրիարքութեան դարաւոր աթոռի պատմութեան մէջ, պատրիարքարանն ու անոր Ս. Աթոռը, լուսաւոր գմբէթի վերածած հոգեւոր հայր մըն էր, որ ունէր եւ ունեցած էր նշանակալից եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն իր կորովի առաջնորդութեամբ եւ պոլսահայոց զաւակներուն ամբողջանուէր ծառայութեամբ, եւ որ արժանացած էր ո՛չ միայն գաղութի անսակարկ գնահատանքին, յարգանքին, քաջալերանքին, եւ համակրանքին, այլեւ՝ համայն հայութեան հպարտանքին:

Կեանքի մէջ նման ճշմարտութիւններ, երբեմն պէտք է լոյսին բերել, որպէսզի չմոռցուէին:

Այլ խօսքով, ժամանակին հետ ապրող համեստ հոգեւորական մըն էր սրբազան Պատրիարքը, որուն աշխատանքը չէր սահմանափակուած աթոռին վրայէն հրահանգներ արձակելու: Նուիրում եւ զոհաբերում յատկանշական էին: Կը խօսէր ժամանակի կանչին ականջալուռ բառերով, հանդարտ հոգածութեամբ, ազնիւ մտածումներով, եւ անուշ ժպիտ մը գծելով դէմքին: Իր խօսքերը իր բոլոր քարոզներուն նման, զիս երկար կապեցին: Ու միշտ նայեցայ իր դէմքին մեծ հիացումով, եւ երազով լեցուն աչքերովս:

Պարզութիւն մը կար դէմքին վրայ: Բնական եւ աւանդապաշտ, անկողմնակալ ու մանաւանդ, միշտ պայծառ ժպիտով, բարեգութ հօր մը նման:

«Հոս է մեծութիւնը ե՛ւ կամքին, ե՛ւ անոր կապուած կորովին,- ըսի ընկերակիցներուս:

Ասիկա չհինցող, չմաշող եւ ամէն անգամ կրկնուող ապրում մըն է»,- շարունակեցի հպարտօրէն:

Կրնայ ըլլալ, որ այս «բոլորը», շատերուն համար լոկ գաղափարներ թուին, պարզապէս անձնական մտոռումներ: Սակայն հակառակ այս բոլորին, Պարտրիարք հայրը կը հաւատար, որ որեւէ գործունէութիւն կը սկսէր գաղափարով, որուն պէտք էր որ յաջորդէր գործնական աշխատանքը: Ու յարատեւութիւնն է, որ պիտի պայմանաւորէր նպատակին յաջողութիւնը: Ու հանդարտօրէն շեշտեց, թէ «զաւկի մը կրթութեան կողքին, կարեւոր էր մայրենի լեզուն եւ պատկանելիութիւնը, եւ յատկապէս խորունկ ապրումներով հայու ինքնութեան ճանաչումը, հոգեկան եւ ֆիզիքական աշխարհը յուզող ազդակներով»: Խոր եւ գործնական մտածում:

Ու նորութիւն մը չէ, երբ աւելցնեմ, որ շրջանի բոլոր եկեղեցիներն ալ կը շնչէին ապաւինելով իրենց Թաղային Խորհուրդի ճիգերուն, նաեւ իրենց շուրջ բոլորուած անձնազոհ ազգայիններուն, եւ անոնց սրտբաց օժանդակութեան: Զոհողութիւն: Զոհաբերութիւն: Յարգանք եւ համբերանք: Ահա՛, հայու նկարագիր:

Այս բոլորով հանդերձ, Ի՛նք, ինչպէս ուրիշներէն, իր անձէն ալ կը սպասէր ու կ’ակնկալէր կեցուածք, տեսակէտ եւ յանձնառութիւն՝ հաւատքով, ճշմարտութեամբ ու քաջութեամբ շաղախուած, որովհետեւ Ի՛նք մեծապէս համոզուած էր, որ այսօր Իր ժողովուրդն ու անոր անմիջական բաժինը դարձող Իր շրջապատը, որքա՜ն հրամայականկարիքը ունէին ազգին կեանքը բարոյական, հոգեւոր ու ազգային առողջ արժէքներով հունաւորող անձերու։

Ապա նաեւ յիշեց Պոլսոյ դպրոցներուն ընդհանուր եւ յստակ պատկերը.- 16 վարժարան եւ շուրջ 2600 աշակերտ-աշակերտուհի:

Կեանքը այսպէս է: Հո՛ս, հայ կեանքը ինքզինք պահած էր եւ տակաւին առողջ իր հեւքին մէջ, պատասխանատու արժանապատուութեան երանգներով: Այլ խօսքով, հոս ապրող հայութիւնը ինքզինք պահել գիտէր:

Կարծես, այդ վայրկեանին տարբեր տարիներու հանդիսատես մը ըլլայի: Ու ինքնաբերաբար մտովի փառք կու տայի նախախնամութեան, այս գեղեցիկ ու պատմական պատահականութեան համար:

Ու կը կարծեմ, որ բոլորս ալ կը հաւատանք, թէ մեր բոլոր հարցերն ալ լուծելի են: Միւս կողմէ, բոլորս ալ մտահոգ էինք մեր լեզուի ճակատագրով: Այլ խօսքով, զանազան մտահոգութեան ալիքները միշտ ներկայ եղած էին եւ են, մեր կեանքին մէջ: Պատրիարքութեան համար էական էր գաղութի վաղը, աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ:

Մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն էր այս: Պարզ եւ անմեղ: Հայերս այդպէս ենք, իրական ապրող ժողովուրդ ենք: Ինքնատիպ արտացոլում: Ահա ընդհանուր, դրական եւ առողջ վերլուծում: Կարեւորը աւանդութիւններէն չհեռանալն էր:

Եւ պէտք է չէ մոռնալ, որ Պոլիսը «Սփիւռք չէ…երբեք…:

Ու ամբողջ մեր խօսակցութեան ընթացքին լիովին կիսեցի Պատրիարք հօր բոլոր մտահոգութիւններն ու անոնց այս առթիւ իր բերած լուծումնրը: Բոլորին սրտերուն մէջ տեսած էի հայ կեանքը, անոր աւանդոյթն ու յարգանքը:

Իրապէս, Ի՛նք ինծի համար կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ներկայութիւն մըն էր։

Սրբազանը: Տեսակ մը մօտիկութիւն: Հարազատութիւն: Անոր համար, պէտք է գրել անպայման Պոլսոյ չգրուած պատմութիւնը:

Մեր ազգը որքա՜ն կարիքը ունի ճիշդ ճամբաներ առաջնորդող հաւատաւոր ու տեսլապաշտ առաջնորդներու, նոր մօտեցումներով, եղանակներով ու մեթոտներով, – մտովի կը վերլուծէի: Ահա օրինակելի մը…:

Էն վերջը, Պատրիարք հօր ուրախութիւնն ու օրհնութիւնը ստանալէ ետք, դուրս եկանք պատրիարքարանէն:

Համեստօրէն ըսեմ, որ ես տեսած էի, թէ ինչպէ՞ս աւանդութիւնը պահպանուած էր խնամքով եւ մաքուր: Պոլիս…գործօն համայնք մը, եթէ կ’ուզէք: Անոր համար այդ եւ յաջորդող օրերուն միշտ եւ ամէն առիթներուն, ժպտեցայ հայութեան, ժամանակին, ուսուցիչներուն, մամուլին, հայ երիտասարդներուն եւ կեանքին:

Նաեւ ըսեմ, որ շատերու նման ես ալ եկած էի երեւոյթներէն անդին անցնելու եւ մտածումներուս ներթափանցելու:

Արդ, անկեղծօրէն խօսելով բացայայտեմ, որ կարօտիս կողքին նաեւ ունէի մաքուր եւ յստակ սքանչացում մը որ պաշտելի վկան է հիացմունքիս: Խօսքի կարօտս էր, որ զիս մղեց գրելու նման սիրոյ, յարգանքի եւ բարութիւն ապրումներուս մասին:

Ու յետով, ես ինծի հարց տուի,- թէ ո՞ւր գացած էի…,ինչո՞ւ գացած էի…, ի՞նչ կար հոս…, ես ո՜ւր… Պոլիսը ուր…, որո՞նք էին այս մարդիկը, որոնց կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպւած էի…, ի՞նչ գաղութ էր այս մէկը, որուն նմանը չէի տեսած կամ հանդիպած եւ որ եկաւ փոթորկեց կեանքս, նորոգեց ինքնութիւնս, թարմացուց յուշերս եւ ժամանակին հետ ծնած մտքիս ունայնութիւնը նոր աւիշներով լեցուց:

Այս բոլորը անշուշտ հարազատի զգացումիս կողքին, լուրջ յարգանքի, եւ նոյնքան ալ կարօտի եւ ու անկեղծ սիրոյ արտայայտութեան արդիւնքն էին:

Անոր համար բարձրաձայն եւ նոյնքան ալ կարօտով կ’ըսեմ…

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ… ՀԱՅ ՊՈԼԻՍ…

Գէորգ Պետիկեան
bedig43@aol.com




Bu haber hairenikweekly kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (hairenikweekly) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(hairenikweekly). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+