Էրվապ-Ի Կրթական Յանձնախումբը Նոր Թափ Կու Տայ Հայերէնի Եւ Կրօնքի Դասաւանդութեան Ծրագիրներուն -
Էրվապ-Ի Կրթական Յանձնախումբը Նոր Թափ Կու Տայ Հայերէնի Եւ Կրօնքի Դասաւանդութեան Ծրագիրներուն
Թրքահայ Վաքըֆներու Միութեան՝ ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական Յանձնախումբը Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, իր ամսական հերթական ժողովը գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Կոմիտաս սրահին մէջ։ Օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին մեր վարժարաններու հայերէնի եւ կրօնքի դասաւանդութեան նոր ծրագիրներու մշակման ընթացքը եւ անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու ապահովումը։
Ժողովին մասնակցեցան Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան, որոնք կրօնքի դասաւանդութեան ծրագիր պատրաստած են Կրթութեան Նախարարութեան «Թուրքիոյ՝ Դարու Մարիֆ մոտել» կրթական համակարգին համապատասխան։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ Կրթութեան Նախարարութեան Կրթութեան եւ Դաստիարակութեան Խորհուրդին ներկայացուած ծրագրին մասին։
Ներկայ էին նաեւ հայերէնի դասաւանդութեան նոր ծրագիրը մշակող աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչները՝ համակարգող տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ ընդհանուր համակարգողը։ Անոնք ներկայացուցին մինչեւ այժմ արձանագրուած յառաջընթացը, ծրագրին ներկայ հանգրուանը եւ յառաջիկայ նպատակները։
Քննարկումներու ընթացքին որոշուեցաւ շարունակել հայերէնի ծրագրին մշակման աշխատանքները եւ կրօնքի դասաւանդութեան համար անհրաժեշտ ուսումնական նիւթերու պատրաստութիւնը։ Այս նպատակներուն համար Կրթական Յանձնախումբը մշակած է յաւելեալ պիւտճէ մը, զոր որոշեց ներկայացնել ԷՐՎԱՊ-ին։
Յանձնախումբի ակնկալութիւնն է, որ անցեալ տարուան օրինակով այս տարի եւս համայնքային հիմնարկները, իւրաքանչիւրը իր նիւթական հնարաւորութիւններուն համեմատ, մասնակցութիւն բերեն կրթական այս աշխատանքներուն հովանաւորման
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com