
06 Şubat 2015  
 
Հոգեբանական վէպին անվիճելեի վարպետը , Զապէլ Եսաեյան ծնած է ,4 Փետրուար1878 թուականին  Իսթանպուլի  Սկիւտար թաղին մէջ: Տաղանդաւոր վիպագիր ու գրագէտ  ԶապԷլ  սկսած է  1890 թուականին  Զապէլ Յովաննէսեան անունով  գրել, ան իր ուսումը ամբողջուցած է Փարիզ -Սօրպօն համալսարանի մէջ: Այդ շրջաններուն  մեր կիներուն մէջ  անսովոր  ու անօրինակ էր, բարձրաստիճան ուսում ունենալը.
Զապէլ Եսայեան, գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի "Ծաղիկ" եւ "Անահիտ" թերթերուն մէջ:
Ան ,աշխատակցած է նաեւ Հայ ու Եւրոպական,ի մասնաւորին Ֆրանսերէն  գրական թերթերուն մէջ:
Զապէլ Եսայեան,փրկուած է Մեծ Եղեռնէն փախչելով Պուլկարիա ապա  անցած է Կովկաս, ու~ր տարած է հանրային ու ազգային աշխատանքներ:1927-կ`այցելէ Հայաստան,կը վերադառնայ Փարիզ ապա վերջ 1933-կը տեղափոխուի Երեւան,ու~ր կը շարունակէ գրական,ազհային ու բարոյսիրական գործունէութիւններ:Կը դառնայ պետական համալսարանի  դասախօս:Կաւանդէ արեւմտեան երկիրնու գրականութիւն:1937-ին կը դառնայ Ստալինեան հալածանքներուն զոհ,կ`աքսորուի Սիպիրիա  ու~ր1943 թուականին կը մեռնի.
Ան  արեւմտահայ գրականութեան  այն նորոյթապաշտ ու յառաջապահ կին գրողներէն մին է որ, մեր գրականութեան բեռած է , հոգեբանական սէրը: Իր ստեղծագործութիւններէն  նշանաւորները են:"Շնորհքով Մարդիկ","Կեղծ Հանճարներ","Սկիւտարի Վերջալոյսներ","Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր", "Քօղը", "Վէպը", "Աշուղը", "Սիլահտարի Պարտէզները", "Աւերակներու Մէջ","Կրակէ Շապիկ","Պարպա Խաչիկ",Պրոմէթէոս Ազատագրուած": "Սիլահտարի Պարտէզները",իր մանկութեան  շրջանի Իսթանպուլէն վերակազմուած  ապրումներու ու յիշատակներու տպաւորիչ յուշագրութիւններու
փունջ մըն է, որը անոր գլուխ գործն է: Զապել Եսաեան , "Աւերակներու Մէջ" հատորով , իր գրականութեան կեանքի գագաթնակէտին հասաւ, անոր այս հեղինակութիւնը մեր հայ գրականութեան եզակի  գործերէն մին կը նկատուի ,ուր~, մօր մը եւ հօր մը, սրտառուչ ապրումները, զգայուն ու նուրբ հոգեբանութեամբ կը պատմուի.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Hyetert