Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններուն Հարցով Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

08 Eylül 2015  

Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններուն Հարցով Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց -

Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններուն Հարցով Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններուն Հարցով Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց

ՏԱՀԵՇ-ի եւ Արեւելքի մէջ իսլամիստական շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ կողմէ տարուող երկակի խաղը դատապարտող բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, թէ բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ 7 սեպտեմբերին, Ֆրանսայի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:30-ին` «Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգի մէջ են» խումբի նախաձեռնութեամբ:

Բողոքի ցոյցը իրականացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի նախօրեակին, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիան:

Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, որուն անդամները եւս մասնակցեցան բողոքի ցոյցին եւ անոր ընթացքին ելոյթ ունեցան, նշած են, որ Թուրքիան տեղ չունի նման խորհրդաժողովի մը մէջ: «Թուրքիան, որ մեղաւոր է հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան համար, սակայն կը հրաժարի իր կատարածը ճանչնալէ, մէկ դար անց յանցակիցն է Արեւելքի քրիստոնեաներուն, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւններուն: Անոր կեղծ հայրենասիրութիւնը ծայրայեղական շարժումներուն դէմ պատերազմին մէջ խաբկանք է: Թրքական ռմբակոծումները հիմնականին մէջ ուղղուած են քիւրտերուն դէմ, որոնք կը պայքարին Իրաքի եւ Սուրիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ: Մենք կը հերքենք եւ կը դատապարտենք Թուրքիոյ երկակի խաղը», ըսուած է Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 8 սեպտեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով` նուիրուած Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած հիմնահարցերուն, մասնաւորապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ, անոնց կարգին` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Իրաքէն, Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէն, յատկապէս ՄԱԿ-էն: Իր ֆրանսացի գործընկեր Լորան Ֆապիւսի հետ խորհրդաժողովը պիտի համանախագահէ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ճուտեհը: Կ՛ակնկալուի, որ խորհրդաժողովին իբրեւ արդիւնք ընդունուի «Փարիզի ծրագիրը», որուն ընդմէջէն պիտի ուրուագծուին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակութեան հիմնական ուղիները





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+