Պետութեան Անունէն Պիտի Ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերու Հետ Բարեկամութիւն Սկսենք. Քիւրտ Կուսակցապետ - Հայերէն
10 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Մուրց / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

05 Ekim 2015  

Պետութեան Անունէն Պիտի Ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերու Հետ Բարեկամութիւն Սկսենք. Քիւրտ Կուսակցապետ -

Պետութեան Անունէն Պիտի Ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերու Հետ Բարեկամութիւն Սկսենք. Քիւրտ Կուսակցապետ Պետութեան Անունէն Պիտի Ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերու Հետ Բարեկամութիւն Սկսենք. Քիւրտ Կուսակցապետ

Թուրքիոյ քրդական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» (HDP) կուսակցութիւնը ներկայացուցած է կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, ուր տեղ գտած է նաեւ պետութեան անունէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը:

Ըստ News.am-ի՝ թրքական Haber7 կայքը կը փոխանցէ, թէ HDP-ի նախընտրական ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ կուսակցութեան կին համանախագահ Ֆիգեն Եուքսեքտաղը յայտարարած է, որ իրենց կուսակցութիւնը տարբեր ժամանակներու տարբեր ժողովուրդներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւններն ու կոտորածները պետութեան անունէն ճանչնալու եւ ներողութիւն խնդրելու համար աշխատանքներ պիտի իրականացնէ:

«Պիտի վերացնենք Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող շրջափակումը: Հայաստանի հետ պիտի արգացնենք տնտեսական, քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու հայ ժողովուրդին հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք»,- ըսած է HDP-ի համանախագահ Ֆիգեն Եուքսեքտաղը:

Նշենք, որ HDP-ն Թուրքիոյ պատմութեան մէջ միակ խորհրդարանական կուսակցութիւնն է, որ կուսակցութեան անունէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ճանչնալու եւ փոխհատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+