21 Ekim 2015
Երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք հասնելուն յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան:
Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց Յունաստանի պետութեան կազմակերպած համագումարը` «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ տարի մը առաջ Յունաստանի պետական անձնաւորութիւններու հետ տեսակցութեան ընթացքին առաջարկ ներկայացուցած էր, որ Յունաստանի պետութիւնը նման նախաձեռնութիւն մը առնէ` շեշտելով արեւելքը արեւմուտքին կամրջող Յունաստանի կարեւոր տեղն ու դերը:
Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Յունաստանի նախագահը, որ քաղաքական կեանք մուտք գործելէն ի վեր նեցուկ կանգնած է Հայ դատին եւ այսօր իբրեւ նախագահ կը շարունակէ նոյն կեցուածքը:
Նախագահ Փաւլոփուլոս յայտնեց, թէ ինք յարգանք ունի հայ ժողովուրդին ու անոր արդար դատին նկատմամբ եւ վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայ դատին: Նախագահը նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ Յունաստանի հայ գաղութին մասին, որ իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ երկրին բարգաւաճման ու զարգացման: