«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ - Հայերէն
05 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Ահրանք / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

21 Kasım 2015  

«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ -

«Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ «Թուրքիան Պէտք Է Համակերպի Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Ստեղծման Հաւանականութեան» Կ՛ըսէ Եըլմազ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ նախկին հիւպատոս, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Օզթուրք Եըլմազ թրքական «Այ.Էմ.Սի. Թի.Վի.»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է համակերպի Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան ստեղծման հաւանականութեան հետ եւ ատոր համապատասխան քաղաքականութիւն վարէ տարածաշրջանին մէջ:

Մեկնաբանելով Անթալիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք սպասումները` թուրք երեսփոխանը ըսած է. «Ամենայն հաւանականութեամբ Սուրիան պիտի վերածուի դաշնակցային պետութեան, եւ Թուրքիան պէտք է ատոր համապատասխան քաղաքականութիւն զարգացնէ»:

Անդրադառնալով սուրիացի քիւրտերու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայ վիճակին` Եըլմազ ընդգծած է.«Ներկայ պայմաններուն մէջ տարածաշրջանին մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ դաշնակիցն է»:

Ան համոզում յայտնած է, այն մասին, որ մօտիկ ապագային անխուսափելի է նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակութեան եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ բանակցային հոլովոյթը:

«Սուրիան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի վերածուի դաշնակցային պետութեան: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը ձեռք պիտի բերէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական տարածաշրջանին նման ինքնավարութիւն: Կրնայ ըլլալ, որ Սուրիան բաժնուի նաեւ այլ ինքնավարութիւններու», ըսած է Եըլմազ` նշելով, որ Անգարան ստիպուած է համակերպիլ այդ զարգացման հետ եւ համապատասխան քաղաքականութիւն որդեգրել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+