Հայերը Ալ-Մէլքիէի (Տերիք) Պատմութեան Մէջ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

29 Ekim 2016  

Հայերը Ալ-Մէլքիէի (Տերիք) Պատմութեան Մէջ -

Հայերը Ալ-Մէլքիէի (Տերիք) Պատմութեան Մէջ Հայերը Ալ-Մէլքիէի (Տերիք) Պատմութեան Մէջ

Յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:

Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:

Ալ-Մէլքիէ (արաբ.՝ المالكية: Քրտերէն՝ Տերիք) կը գտնուի սուրիական եւ թրքական երկար սահմանագծի հիւսիսի ծայրագոյն շրջանին մէջ, Իրաքի մերձաւորութեամբ: Տիգրիս գետէն մօտ 10 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող գաւառ մըն է:

Տերիքի անունը ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուած է, նախ ըսենք, որ Տերիքը նախնական անունը ասորերէն եղած է ՏԵՐՈՒՆի, որ կը նշանակէ փոքր վանք, ըստ գիւղի արեւելեան շրջանը գտնուող եկեղեցւոյ: 1933-ին Տերքա Համքօ: 1936-ին Գաւառապետութիւն Տիգրիսի: 1957 մարտ 24 հրամանագրով Տերիքի անունը փոխարինուած է ալ-Մալքիէի, գնդապետ Ատնան Մալքիի անունով:

Անցեալին Գամիշլիի շրջակայքի հայաբնակ գիւղերէն մէկն էր:%d5%a1%d5%ac-%d5%b4%d5%a7%d5%ac%d6%84%d5%ab%d5%a7
Հայկական համայնքը 1997 թուականին կը հաշուէր շուրջ 420 հայեր: Իսկ 2000 թուականին կը հաշուէր շուրջ 100 ընտանիք, մօտ 600 հոգի:

Տերիքի մէջ կը գործեն հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Ազգային Ազատութիւն վարժարանը:

Տերիք, Սուրիոյ ծայրագոյն շրջանը տելթայի մէջ ըլլալով հայու կեանքը այստեղ խաթարուած է: Տեղի հայերուն մօտ մեծապէս նկատելի է արաբախօսութիւնն ու խառն ամուսնութիւնը (ասորիներու հետ), այդ պատճառով ալ հոգեմտաւոր կեանքի գոյութիւնը արդէն շատոնց վերացուած է այնտեղէն:

Ազգային Ազատութիւն վարժարանը, հիմնուած է 1952-ին: Ունի մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, դպրոցը օժտուած է նաեւ սրահով: Ըստ 1992-ի վիճակագրական տուեալներուն 40 աշակերտ, 5 ուսուցիչներ եւ 2 պաշտօնէութիւն ունեցած է: 2000-ին 120 աշակերտ, 2006 թուականին՝ 140 աշակերտ, որոնցմէ 39-ը միայն հայ են:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ կիցը գտնուող Ազգ. Վարժարանին շէնքը կառուցուած է 1945-ին` իբրեւ Ս. Յակոբ եկեղեցի:

Եկեղեցին հիմնովին վերաշինուած է 1987-ին, հանդիսաւորապէս օծուած Մայիս 25, 1992-ին` ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ վերանուանուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Ունի երեք խորաններ, մկրտութեան աւազան (1992-1993), զանգակատուն (1996, քարապատուած է 1999-ին): Եկեղեցի յաճախողներու թիւը հետզհետէ նուազած է:

Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը` Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին:
Տերիքի եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շրջափակին մէջ բարձրացած է Ս. Ամենափրկչեան խաչքարը, ապրիլեան նահատակներու յիշատակին:

Շրջափակէն ներս կը գործէ 1984-էն հիմնուած Կիրակնօրեայ Դպրոցը, որ հայ մանուկին կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն կը ջամբէ:

Համայնքը կը ղեկավարէ թաղական խորհուրդը:

Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Հոն գործած է Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) «Սարդարապատ» մասնաճիւղը: Ըստ 1992-ի տուեալներուն մասնաճիւղը ունէր 42 անդամուհիներ: 1993-ին՝ 42 անդամուհիներ: 2011-ին՝ 30: 2012-ի տուեալներով 40 անդամուհիներ, որ բարերար դեր կատարած է այս շրջանի հայութեան: Խնամատարական եւ առողջապահական մարզերէ ներս կատարած է անհրաժեշտ օժանդակութիւններ: Յատուկ կարեւորութեամբ նպաստած է կարիքաւոր աշակերտներուն: Անոնք յատկապէս վերջին շրջանին հակառակ իրենց անբարենպաստ պայմաններուն, կրցած են իրենց վստահուած բոլոր աշխատանքները ամբողջովին կատարել: ՍՕԽաչի «Սարդարապատ» մասնաճիւղը աշխուժ է եւ կը գործէն մինչեւ օրս:

Տարիներէ ի վեր անցեալին պատկանող յուշեր եղած են այն օրերը, երբ Գամիշլիէն կամ հայահոծ այլ շրջաններէ կու գային մշակութային ու այլազան մարզերու հայ գործիչներ ու որոշ կենսունակութիւն կը մտցնէին Տերիքի հայկական կեանքէն ներս:

Վերջին տարիներուն ձուլման գործողութիւնը արդէն ընթացք առած էր գաւառէն ներս եւ ոչ մէկ քայլ կրցած էր արգելք հանդիսանալ այդ բոլորին:

Տերիքի մէջ վերջին շրջանին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հայ Առաքելական հոգեւոր հովիւ Տէր Տաճատ քահանայ Յակոբեանը: Ան, շրջանի մէջ մեծ ներդրում ունեցած է ըլլա՛յ շինարարական աշխատանքներու, ըլլա՛յ կրթական ներքին կեանքին: Շնորհիւ Տէր Տաճատին ալ-Մէլքիէի համայնքը կ’աշխուժանայ:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Տ. Տաճատ քահանայ Յակոբեան

Իրաքի պատերազմին պատճառով, մեծ թիւով իրաքահայերու տէր տիրական կը դառնան ալ-Մէլքիէի Հայ համայնքը, թաղականութեան եւ Տէր Տաճատի ժրաջան աշխատանքներով՝ հայ գաղթականները կը պատսպարուին զանազան ապահով վայրերու մէջ:

2011-ին Սուրիոյ մէջ մղուող պատերազմի ընթացքին, թերեւս ալ-Մէլքիէն իր աշխարհաքրական դրուածքով ամէնէն քիչ վնասուած շրջաններէն է չսելու համար ընդհանրապէս հոն ոչ մէկ բան տեղի ունեցաւ: Այդ պատճառով ալ Տերիքի հայ համայնքը կը գոյատեւէ իր կեանքը, իսկ Ազգ. վարժարանը բնականաբար կը գործէ, դասաւանդութիւնները կը շարունակուին առանց ընդհատումի:

ԱՄՈՒՏԱ
ِԱմուտա (արաբ.՝ عامودا) սուրիական-թրքական երկար սահմանագծին վրայ, Գամիշլիէն շուրջ 30 քլմ. դէպի արեւմուտք քաղաք, որ ունի պատմական հնագոյն անցեալ: %d5%a1%d5%b4%d5%b8%d6%82%d5%bf%d5%a1
1960ականներուն Ամուտայի մէջ կը գտնուէր 60 հայ ընտանիք՝ աւելի քան 200 անձ: Հոն գործած է Ազգային վարժարան մը:

Իբրեւ մարզական միութիւն գործած է Ամուտայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մանաճիւղը՝ 1957-էն 1961, պահելով ակումբ, ֆութպոլի եւ փինկ- փոնկի խումբեր, ինչպէս նաեւ սկաուտական 25 հոգինոց կորիզ մը: Ափ մը աշխատող եւ նուիրեալ երիտասարդներ կրցած են ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ համախմբել արհեստաւոր, թէ դպրոցական պատանիներ, դաստիարակելու համար զանոնք միութեան առողջ սկզբունքներով:

Ֆութպոլի խումբին գործունէութիւնը այս միջոցին կը սահմանափակուի միջ-մասնաճիւղային խաղերու եւ բարեկամական կարգ մը մրցաշարքերու մասնակցութեամբ:

Պէտք է ըսել, որ այս հեռաւոր եւ լքուած շրջանին մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը փրկարար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է համայնքի նկատմամբ, մասնաւորաբար նոր սերունդի ֆիզիքական եւ

Ամուտայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի կազմը

հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Աւելի ուշ, համայնքը նօսրացած է. ընտանիքներ ուղղուած են Գամիշլի կամ Հալէպ:
Կ’արժէ նշել, որ ականաւոր գրող Ստեփան Ալաճաճեան Ամուտայի մասին ունի ակնարկ իր «Պատմուածքներ» գիրքին մէջ:

ՏԵՐՊԵՍԻԷ
Տերպէսիէ (արաբ.՝ الدرباسية) դարձեալ սուրիական-թրքական սահմանագծին վրայ քաղաք Գամիշլիէն շուրջ 60 քլմ. դէպի արեւմուտք: Հոն հաստատուած է փոքրաթիւ հայկական համայնք:

1946-ի տուեալներով, համայնքը ունէր 70 տուն հայ ընտանիք: Համայնքը ղեկավարուած է թաղական խորհուրդով: Ունեցած է երկսեռ վարժարան:

Տերպէսիէի մէջ գործած են Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ), Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Հայ Մարմնամկրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) մասնաճիւղերը:

ՍՕԽ-ի մասնաճիւղը ունէր քանի մը տասնեակի հասնող երկսեռ անդամներ, յատկապէս 1946-ին, որոնք իրենց կարելին կ’ընէին շրջանի կարիքներուն գոհացում տալու համար: Մասնաւորապէս իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին Ազգային վարժարանին վրայ, գոյացուցած պիւտճէին 50 առ հարիւրը տրամադրելով անոր: Տարին քանի մը անգամ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպած են ի նպաստ Ազգային Նահատակաց վարժարանին: Մասնաճիւղը քանի մը անգամով դադրած եւ վերակազմուած է:

Տիգրիս գետը

ՀՄԸՄ-ի Տերպէսիէի մասնաճիւղը եւս յար եւ նման ՍՕԽ-ի մասնաճիւղին, քանի մը ընդհատումներով գործած է 1936-էն 1961-ի միջեւ: Յատկապէս 1947-ին, ունեցած է ակումբ մը, ինչպէս նաեւ փողերախումբ մը: 25 տարուան ժամանակաշրջանին, պահած է սկաուտական կազմ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի ու փինկ-փոնկի խումբեր: Մարզական գործունէութիւնը սահմանափակուած է մօտակայ Ամուտայի, Թել Պրագի եւ Հասաքէի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու խումբերուն դէմ մղուած բարեկամական մրցումներով եւ միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքներու մասնակցութեամբ: Մասնաճիւղին նստավայրը եղած է տեղւոյն Ազգային Վարժարանին մէկ սենեակը:

ՀԵԸ-ի մասնաճիւղը հիմնուած է 1955-ին: Իբրեւ ակումբ օգտագործուած է ՀԲԸՄ-ի սեփական վարժարանի մէկ սենեակը: Մասնաճիւղը ունեցած է ֆութպոլի, վոլէպոլի խումբեր, որոնք բարեկամական մրցումներ իրագործած են հիւսիսային Սուրիոյ քոյր մասնաճիւղերու հետ:

Տերպէսիէի հայ ընտանիքներէն էին՝ Թովմասեան, Պետեան, Գահուէճեան, Մուրատեան, Գայթանճեան, Պալեան, Յակոբեան, Ֆերմանեան, Առաքելեան եւ ուրիշներ:

Տերպէսիէ, շրջան մը եռուն կեանք ապրելէ ետք, համայնքը նօսրացած է դէպի Հալէպ եւ Գամիշլի տեղափոխութիւններով:

ՌԸՄԷՅԼԱՆ
Ռըմէյլան գիւղը, որ Տերիքէն քանի մը քիլոմեթր հեռու է, հոն կը գտնուին շուրջ տասը հայ ընտանիքներ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+