Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ - Հայերէն
30 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

05 Aralık 2016  

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ -

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ

Երէկ երեկոյեան «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազդակ»-ին տեղեկացուց, որ սուրիական բանակին գործողութիւնները շատ արագ կ՛ընթանան Հալէպի մէջ, եւ անիկա օրական դրութեամբ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Ներկայ դրութեամբ բանակը իր հակակշիռին տակ առած է արեւելեան Հալէպի 70 առ հարիւրը: Կարեւոր նշանակութիւն ունի յատկապէս քաղաքի հիւսիսարեւելեան բաժինը, որուն ազատագրումով դէպի Հալէպի միջազգային օդակայան տանող մայր ճամբան զօրքին հակակշիռին տակ է: Երկու օրէ ի վեր Հալէպի քաղաքապետարանի ծառայողական պաշտօնեաները շատ աշխուժ թափով կը մաքրեն ազատագրուած տարածքներու ճամբաները, կը վերացնեն անցարգելները, աշխատանքի կը լծեն պետական ենթակառոյցները, որպէսզի ըստ կարելւոյն կեանքը բնականոն դառնայ: Դէպի Նոր Գիւղ տանող Սէյրաֆիի մայր ճամբան օրինակ 5 տարի փակ մնալէ ետք բացուեցաւ եւ ապահով յայտարարուեցաւ: Որոշ պողոտաներու մէջ երթեւեկութիւնը վերականգնեցաւ:

Ջուրի ընկերութիւնը եւս պետութեան հակակշիռին տակ ըլլալով բանիլ սկսաւ` յետ անհրաժեշտ նորոգութիւններու: Զինեալ խմբաւորումներ իրենց հակակշիռին տակ եղած շրջաններէն կը շարունակեն հրթիռակոծել որոշ թաղամասեր: Այնուամենայնիւ քաղաքի ապահովական վիճակը 80 առ հարիւրով բարելաւուեցաւ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+