23 Şubat 2017
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Ռուհանիի եւ պետական Շուրայի նախագահ դոկտ. Սատեք Լարիժանիի հետ: Պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր դատին յատկացուած, ութսուն երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած վեցերորդ համագումարի աւարտին, լիբանանեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տեսակցեցաւ նախագահ Ռուհանիի հետ, որ խիստ բարձր գնահատեց անոր դերը Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման մէջ: «Անկասկած որ դժուար օրեր ապրեցաք Լիբանանի մէջ», նշած է Իրանի նախագահը` իր ողջոյնները փոխանցելով լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր նախագահին: Իր կարգին Նեպիհ Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար` Իրանի ղեկավարին փոխանցելով նախագահ Միշէլ Աունի ողջոյնները: Պըրրի յայտնեց, թէ նախագահ Ռուհանիի հետ խորհրդակցած է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց շուրջ, յատկապէս` տնտեսական եւ երկրագործական մարզերուն մէջ գործակցութեան կարելիութեան առումով: Խորհրդարանի նախագահը դրական քայլ նկատեց նախագահ Ռուհանիի կատարած այցելութիւնները Քուէյթ եւ Օման, ինչ որ կրնայ դրական ազդել նաեւ Լիբանանի յարաբերութեանց վրայ:
Պըրրի անջատ խորհրդակցութիւն ունեցաւ նաեւ Իրանի պետական Շուրայի նախագահին` դոկտ. Սատեք Լարիժանիի հետ: