​Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Թուրքիան Զրկել Ելեւմտական Օժանդակութենէն - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

29 Mart 2017  

​Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Թուրքիան Զրկել Ելեւմտական Օժանդակութենէն -

​Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Թուրքիան Զրկել Ելեւմտական Օժանդակութենէն ​Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Թուրքիան Զրկել Ելեւմտական Օժանդակութենէն

Թրքական «Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մինչեւ 2020 ջնջել «Այ.Փի.Էյ.» ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի, տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութիւնը:

Կը նշուի, որ Թուրքիան կրնայ զրկուիլ բնապահպանութեան, մարդու իրաւունքներու, դատական համակարգի, փոխադրամիջոցներու եւ կապի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մարզերու մէջ զարգացման ուղղուած ելեւմտական օժանդակութենէն` միջոցները ոչ նպատակային կերպով ծախսելու պատճառով:

Այդ ծրագիրին միջոցով 2007-2013-ի ընթացքին Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն ստացած է 4 միլիառ 795 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+