​Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թու - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

31 Mart 2017  

​Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թու -

​Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թու ​Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թուրք-Ամերիկեան Միացեալ Նպատակ Մըն Է» Յայտարարեց Թիլըրսըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «Ասատի ճակատագիրը կը ճշդէ սուրիացի ժողովուրդը»` աւելցնելով, որ ինք թուրք ղեկավարներուն հետ քննարկած է «Սուրիոյ մէջ տեղահանուածներուն համար կայուն շրջաններու ստեղծումը»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Շրջանի կացութիւնը քայքայելու Իրանի կարողութիւնը սահմանափակելը Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ նպատակն է»:

Էրտողան իր կարգին յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՛ուզէր Ռաքքայի ազատագրման համար իր դաշնակիցներուն հետ գործակցիլ, առանց քրտական միլիսներու մասնակցութեան, սակայն «վերջին զարգացումները մեզի մտածել կու տան, թէ Թրամփի վարչակազմը նախորդ վարչակազմի նոյն ուղիին կը հետեւի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Թիլըրսըն Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ քննարկած է «երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական ու տնտեսական մարզերու մէջ հիմնական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները»: «Ասիկա առանց դարձդարձիկութեան պիտի ըսենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ Միացեալ Նահանգներէն պիտի պահանջենք իրենց կեցուածքը յստակացնել», շեշտեց ամերիկացի պաշտօնատարը:

Թուրքիոյ նախագահութենէն աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ աւելի քան 2 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Էրտողան Թիլըրսընին կոչ ուղղած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար գործակցելու «օրինական դերակատարներու հետ»: Ան նաեւ արծարծած է թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը:

Թիլըրսըն իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ռաքքայի վերատիրացման համար մեր գրաւը դրած ենք տեղական ուժերուն վրայ, որպէսզի տեղահանուածները կարենան այդտեղ վերադառնալ»:

Չաւուշօղլու իր կարգին ըսաւ, որ «կը սպասենք, որ մեր միջեւ վստահութեան վերականգնման համար Միացեալ Նահանգներ որդեգրեն թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները»` նշելով. «Թրքական կառավարութեան համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իրենք Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ «աւելի լաւ համակարգում մը» կը սպասեն` շեշտելով, որ եթէ իբրեւ պետութիւններ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան չկարենան մատնել, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց յարաբերութիւնները:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+