​Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Կը Խոստանայ Ապրիլ 24-ը Ընդգրկել Ազգային Յիշատակի Օրերու Ցանկին Մէ - Հայերէն
10 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Մուրց / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

19 Nisan 2017  

​Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Կը Խոստանայ Ապրիլ 24-ը Ընդգրկել Ազգային Յիշատակի Օրերու Ցանկին Մէ -

​Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Կը Խոստանայ Ապրիլ 24-ը Ընդգրկել Ազգային Յիշատակի Օրերու Ցանկին Մէ ​Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Կը Խոստանայ Ապրիլ 24-ը Ընդգրկել Ազգային Յիշատակի Օրերու Ցանկին Մէ

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Նիքոլա Տիւփոն- ­էնյան կը խոստանայ ընտրուելու պարագային Ապրիլ 24-ը ընդգրկել երկրի ազգային յիշատակի օրերու ցանկին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այդ մասին ան նշած է Nouvelles d’Armenie-­ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Հարցումին, թէ արդեօք պիտի կը շարունակէ՞ աւանդոյթը, երբ Ֆրանսայի նախագահը իւրաքանչիւր Ապրիլ 24­-ին կը մասնակցի Փարիզի մէջ կազմակերպուող յիշատակի արարողութիւններուն, Էնյան նշած է. «Իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24-­ին Ֆրանսայի մէջ տեղի կ՛ունենան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ։ Ատիկա Ֆրանսայի պատիւն է` ի յիշատակ եղբայրական ժողովուրդի ողբերգութեան: Ի հարկէ, ես պիտի մասնակցիմ իբրեւ նախագահ` յարգանքի տուրք մատուցելով Ֆրանսայի հայ համայնքին: Ատիկա բոլոր հայերուն համար յատուկ օր է եւ պիտի դառնայ ազգային յիշատակի օր»:

Անոր խօսքով` այդ կերպով, ինչպէս Ֆրանսան յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ցոյց կու տայ, որ կը շարունակէ աջակցիլ իր քաղաքացիներուն` աշխարհի ժողովուրդներու ժխտողականութեան դէմ. «Որպէսզի ճշմարտութիւնն ու պատմական իրականութիւնը ճանչցուի»:

Հարցումին` ինչպէ՞ս կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ հնարաւոր անդամակցութեան, Էնյան ըսած է, որ ինք ֆրանսացի քիչ քաղաքական գործիչներէն է, որ 2003 թուականէն հետեւողականօրէն դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ անդամակցութեան ԵՄ­-ին: «Ես մշտապէս պայքարած եմ այդ անդամակցութեան դէմ, ինչ որ չի համապատասխաներ ԵՄ գաղափարին»,­- ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն:

Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ի Ապրիլ 23-­ին: Եթէ թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չստանայ ձայներու կէսէն աւելին, ապա երկրորդ փուլը Մայիս 7­ին է: Այժմ ընտրարշաւի առաջատար թեկնածուներն են Հանրապետականներու կողմէ առաջադրուած Ֆրանսուա Ֆիյոն, «Ազգային ճակատ»-ի առաջնորդ Մարին լը Փեն, Ֆրանսայի տնտեսութեան նախկին նախարար Էմանուէլ Մաքրոն, Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոն եւ Համայնավար կուսակցութեան ու շարք մը այլ ձախ ուժերու աջակցութիւնը վայելող Ժան­լիւք Մելանշոն:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+