​Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել Եւ Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհե - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

25 Nisan 2017  

​Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել Եւ Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհե -

​Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել Եւ Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհե ​Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել Եւ Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Տուեալները

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին ներկայացուցած 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ բնակչութեան բռնի գաղթեցման ու աքսորի հրամանագրերու ուսումնասիրութեան վերաբերեալ գրաւոր պահանջք եւ խորհրդարանի նախագահութենէն խնդրած հրապարակել ժամանակի պետական պաշտօնեաներու անունները, որոնք պատասխանատու են անմեղ մարդոց մահուան համար:

Ինչպէս կը յայտնէ bianet.org-ը, Փայլան հարցում յղած է խորհրդարանի նախագահութեան 1915-ի Մայիս 27-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ընդունուած եւ մինչեւ նոյն թուականի Յունիս 1 ուժի մէջ մնացած «Ժամանակաւոր գաղթեցման» հրամանագրի հետեւանքներուն ու այդ ընթացքին անմեղ զոհերու համար պատասխանատու անձերու վերաբերեալ եւ պահանջած է յատուկ ուսումնասիրութիւն ընել՝ ի դէմս Թուրքիոյ խորհրդարանին:

«Թէեւ այդ հրամանագրի ընդունումէն անցած է 102 տարի` ատոր արդիւնքն ու հետեւանքը մինչեւ այսօր չէ ուսումնասիրուած խորհրդարանին կողմէ: Յայտնի է, որ հրամանագրի իրականացման ծիրէն ներս տեղի ունեցած են մեծ թիւով մահեր, աւերուած ու բռնազաւթուած են մշակութային ժառանգութեան կարեւոր կառոյցներ», – ըսած է Փայլան:

Հայ պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ նաեւ խորհրդարանին ներկայացուցած է Թալէաթ փաշայի յիշողութիւններու արխիւէն կարեւոր հատուածներ, որոնք կը վկայեն, որ 1914-էն 1917 մահացած է Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի շուրջ 1 միլիոն 150 հազար հայ, այսինքն` կայսրութեան հայ բնակչութեան շուրջ 77 տոկոսը:

Կարօ Փայլան նաեւ ընդգծած է, որ 102 տարի առաջ նոյն ժամանակաշրջանին տուժած են յոյները, եզիտիները, ասորիներն ու քելտանիները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+