​Թուրքիոյ Հարցով Զեկուցողը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

04 Mayıs 2017  

​Թուրքիոյ Հարցով Զեկուցողը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութ -

​Թուրքիոյ Հարցով Զեկուցողը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութ ​Թուրքիոյ Հարցով Զեկուցողը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները

Եւրոպական խորհրդարանի` Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններու նոր գլուխ բանալու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

«Եթէ Թուրքիան իսկապէս կը հետաքրքրուի անդամակցութեան հարցով, անհրաժեշտ է, որ Անգարան այդ հետաքրքրութիւնը ցոյց տայ», նշած է Փիրի:

Ան յայտարարած է, որ անդամակցութեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան որեւէ երկրի, ներառեալ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն չեն պատրաստուիր ենթարկուիլ: «Եթէ կ՛ուզեն մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն, ստիպուած են բաւարարել չափանիշները: Սակայն Թուրքիոյ մէջ բացարձակապէս այդպիսի բան չեմ տեսներ: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է, որ բանակցութիւնները դադրեցուին», ըսած է Փիրի:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2 մայիսին խօսելով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին ըսած էր. «Եւրոպական Միութիւնը այլընտրանք չունի, քան բանակցութիւններու նոր գլուխներ բանալ: Եթէ չբանաք, ուրեմն յաջողութիւն ձեզի»:

Միւս կողմէ, «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնման պարագային այդ երկրի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները պիտի դառնան անհիմն:

Մերքել ընդգծած է, որ իբրեւ վարչապետ` ամբողջովին ազատ է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումները արտայայտելու հարցին մէջ եւ ատիկա կ՛ընէ ո՛չ միայն հասարակութեան առջեւ, այլ նաեւ թրքական իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+