Համշէն - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

12 Mayıs 2019  

Համշէն -

Համշէն Համշէն

«Թուրքիա ապրող 300.000 համշէնցիներուն միակ փափաքն է իրենց մայրենին չկորսնցնել»

Թուր­քիոյ ա­մե­նա­շատ ըն­թեր­ցո­ւող ժա­ման­ցա­յին կայ­քե­րէն onedio.com յա­տուկ անդ­րա­դարձ մը հրա­պա­րա­կած է համ­շէն­ցի հա­յե­րուն մա­սին՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ա­նոնց դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը, ծա­գու­մը եւ ա­ւան­դոյթ­նե­րը։

«­Մայ­րե­նին կորսնց­նե­լու վտան­գին տակ գտնո­ւող սեւ-ծո­վեան ժո­ղո­վուրդ մը. ­Համ­շէն­ցի­ներ» վեր­նա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը նշո­ւի, որ համ­շէն­ցի­նե­րը իս­լա­մա­ցո­ւած են դա­րեր ա­ռաջ՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:

Նիւ­թին հե­ղի­նակ­նե­րը ընդգ­ծած են, որ թէեւ ­Թուր­քիոյ մէջ համ­շէն­ցի­նե­րու ցե­ղա­յին ծագ­ման վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը շատ են, սա­կայն առ­կայ են օս­մա­նեան ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր, ուր համ­շէն­ցի­նե­րը կը յի­շա­տա­կո­ւին իբ­րեւ կրօ­նա­փոխ հա­յեր: ­Նիւ­թին մէջ նոյ­նիսկ կցո­ւած է համ­շէն­ցի­նե­րուն հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը հաս­տա­տող ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թի մը պատ­ճէ­նը, որ նա­խա­պէս հրա­պա­րա­կո­ւած էր «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թին կող­մէ: ­Յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նակ­նե­րը կ­՛են­թադ­րեն, որ այժմ ամ­բողջ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին կ­՛ապ­րին մօ­տա­ւո­րա­պէս 300.000 համ­շէն­ցի­ներ: Ն­շո­ւած են նաեւ ա­նոնց հիմ­նա­կան բնա­կա­վայր­նե­րը. ար­դա­րեւ, ա­րե­ւե­լեան համ­շէն­ցի­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցած են Ար­տո­ւի­նի ­Խո­պա, Քե­մալ­փա­շա եւ ­Պորչ­կա շրջան­նե­րուն մէջ, իսկ ա­րեւմտեան համ­շէն­ցի­նե­րը՝ ­Ռի­զէի ­Հեմ­շին, Չամ­լը­հեմ­շին եւ ­Չա­յէ­լի շրջան­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը կազ­մեն պատ­մա­կան բուն ­Համ­շէ­նի տա­րած­քը:

Հա­յե­րէն կը խօ­սին հիմ­նա­կա­նօ­րէն ա­րե­ւե­լեան համ­շէն­ցի­նե­րը, ա­յի­սինքն՝ Ար­տո­ւի­նի գիւ­ղե­րուն մէջ ապ­րող մօ­տա­ւո­րա­պէս 30էն 40 հա­զար համ­շէ­նա­հա­յե­րը:
«Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­նոնց գոր­ծա­ծած լե­զուն յայտ­նի է իբ­րեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բար­բառ­նե­րէն մէ­կը: Ե­կէք մէկ կողմ դնենք ա­նոնց հայ կամ թուրք ըլ­լա­լը. այս ժո­ղո­վուր­դին միակ փա­փա­քը ի­րենց մայ­րե­նին չկորսնց­նելն ու զայն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցելն է»,- կը գրէ կայ­քը:

Յի­շեց­նենք, որ ­Համ­շէ­նի հայ­կա­կան բար­բա­ռը ԵՈՒՆԵՍՔՕի կող­մէ դա­սո­ւած է «ան­հե­տաց­ման վտան­գի տակ գտնո­ւող լե­զու­ներ»ու շար­քին:







Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+