​Ակնարկ. Կոստանդնուպոլսոյ Նորովի Բացայայտումի Նախադրեալները - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

29 Haziran 2019  

​Ակնարկ. Կոստանդնուպոլսոյ Նորովի Բացայայտումի Նախադրեալները -

​Ակնարկ. Կոստանդնուպոլսոյ Նորովի Բացայայտումի Նախադրեալները ​Ակնարկ. Կոստանդնուպոլսոյ Նորովի Բացայայտումի Նախադրեալները

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուին Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուիլը արդէն սկսած է մեկնաբանուիլ իբրեւ Թուրքիոյ նախագահին քաղաքական ասպարէզի մայրամուտի մեկնարկ: Գործող սահմանադրութեամբ երկրորդ անգամ առաջադրուելու իրաւունքի օգտագործումը կը թուի, որ խնդրոյ առարկայ է արդէն նախագահ Էրտողանի համար: Միտումները անոր վայելած վարկանիշի անկման ցուցանիշներ սկսած են դրսեւորել եւ անոնցմէ կարեւորագոյնը` Պոլսոյ ընտրութիւններուն արդիւնքն է:

Այս արդիւնքները կրկնակի իմաստ ունին եւ վարկանիշի անկման հզօր ցուցանիշ են: Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւնները վերստին կազմակերպելով նախագահ Էրտողան շատ ռիսքային խաղ բեմադրեց: Երկրորդ պարտութիւնը արդէն ճակատագրական ազդեցութիւն ունի քաղաքական ասպարէզի հետագայ ընթացքին վրայ:

Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ձեւաւորման մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գործօնը կ՛երեւայ ներկայացուող համապատկերին եւ այս ուղղութեամբ հրապարակուող վերլուծումներուն մէջ: Չյայտարարուած ընտրական դաշինք մը ըստ էութեան աշխատած է, որ միացուցած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնն ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը: Որքան ալ խօսուի քեմալականութեան վերադարձի երեւոյթին մասին, այստեղ կայ նաեւ քրտական գործօնի յառաջխաղացքի փաստը եւ անոր հասցուցած հարուածը նախագահ Էրտողանին:

Հայկական ոսպնեակէն չի վրիպիր նորընտիր քաղաքապետին վերաբերող այն լրատուութիւնը, ուր կ՛ըսուէր, թէ հայազգի ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի ուղեկցութեամբ, ան նորովի բացայայտած է իր իսկ ծննդավայրը եւ անկէ ետք սկսած է բոլորովին այլ աչքով նայիլ Տրապիզոնին: Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ արձանագրելը, որ հայազգի ճարտարապետը պոլսահայ մտաւորականներու խմբակի հետ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով ապրիլ 2014-ին, այցելեց Պէյրութ եւ այստեղ կազմակերպուած լսարանին ներկաներուն ծանօթացուց հայկական բնօրրաններուն անցեալն ու ներկան:

Իմամօղլուի ինքնութեան արմատներուն մասին կան որոշ հրապարակումներ, որոնք կը խօսին անոր պոնտոսայունական-լազական ծագումին մասին: Այստեղ յայտարարութիւնը ունի անշուշտ լուռ ենթաթեքսթ: Խօսքը միայն ճարտարապետական նորովի բացայայտումին մասին չէ, այլ նաեւ քաղաքին պատմական պատկանելիութեան, դիմագիծին եւ այնտեղ ապրած ժողովուրդներուն:

Տրապիզոնէն աւելի սակայն այստեղ այլ ընկալում եւս կայ. Պոլիսը նորովի ընկալելու մասին է խօսքը` այլ խօսքով` Կոստանդնուպոլսոյ նորովի բացայայտումը: Ասիկա այն զգայուն նիւթն է, որուն ողղութեամբ հունէ դուրս գալով եւ կորսնցնելով ինքնատիրապետումը Էրտողանի խորհրդականը սպառնացած էր Սթամպուլը Կոստանդնուպոլսոյ վերածելու առաջադրանքը ունեցողներուն գլուխները հեռացնել ուսերէն:

Նորովի բացայայտումները կրնան առաջնորդել խեղաթիւրուած պատմութեան մը ճիշդ վերաշարադրանքի հրամայականին: Ատով իսկ այս գործընթացները երկարատեւ դրուածքով չեն սահմանափակուիր միայն էրտողանի քաղաքական մայրամուտը նախանշելով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+