​«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք» - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

28 Mart 2020  

​«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք» -

​«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք» ​«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք»

«Յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։

Անդրադարձանք թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան»

Յուզիչ էր պահը եւ տպաւորիչ՝ երբ ուրբաթ՝ 27 Մարտի իրիկուան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց մարդկութեան սպառնացող Քորոնա Ժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղերսական աղօթքը։

Յուզիչ էր պահը եւ տպաւորիչ ու նաեւ անիրական։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը բոլորովին դատարկ էր, ամայի…Այդ հրապարակը ուր ամէն օր, աշխարհի տարբեր վայրերէն, տասնեակ հազարաւոր այցելուներ կը ժամանեն ծնկադրելու համար Առաքելապետ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին առջեւ ու վայելելու Միքելանճելոյի եւ Պերնինիի սքանչելագործ արհեստը, հրապարակը՝ ուր ամէն չորեքշաբթի օր հազարաւոր ուխտաւորներ կը համախմբուին, մասնակցելու համար ընդհանուր ունկնդրութեան եւ կամ կիրակի օրերը՝ ունկնդրելու համար Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքը, այժմ կը յայտնաբերուէր այսպէս՝ դատարկ, ամայի, ինչպէս դատարկ դարձած են մեր «հրապարակները, ճանապարհներն ու քաղաքները, որոնց վրայ իջած է խիտ խաւար մը որ տիրապետած է մեր կեանքին վրայ, ամէն ինչ լրացնելով խուլ լռութեամբ ու անհանգստացնող դատարկութեամբ, անշարժութեան մատնելով ամէն բան», ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած աղօթք - խորհրդածութեան մէջ։

Միլիոնաւոր հաւատացեալներ՝ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ հետեւեցան այդ յատուկ աղօթքի պահին, որուն պատկերները երկար ժամանակ դրոշմուած պիտի մնան մեր մտքերուն ու նաեւ պատմութեան մէջ։

Խորհրդաւոր լռութիւն կը տիրէր, լաւապէս կը լսուէին անձրեւին կաթիլները, լսելի դարձան նոյնիսկ Քահանայապետին քայլերը, երբ Ան՝ կամաց կամաց, անձրեւին տակ, կը բարձրանար դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած կեդրոնական ամպիոն, որուն ետին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին, զետեղուած էին Հռոմի Ժողովուրդին պատմութեան մէջ ու յատկապէս անձկութեան պահերու պատմութեան մէջ հրաշագործ դերակատարութիւն ունեցող՝ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի՝ «Հռոմի ժողովուրդին Փրկութիւն» Տիրամօր Սրբապատկերը, ապա Սան Մարչելլօ Ալ Քորսօ եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը։

Այդ յատկանշական պահուն անձրեւին հետ միասին մթութիւն իջաւ հրապարակին վրայ, աւելի խորհրդաւոր ու տպաւորիչ դարձնելով մթնոլորտը, կարծես հրաւէր մը ըլլար՝ աւելիով ամփոփուելու ու հոգւով, սրտով եւ երկիւղածութեամբ մասնակցելու մարդկութեան փրկութեան դիտաւորութեան կատարուած այդ իւրայատուկ արարողութեան, որուն սկիզբը ընթերցումը կատարուեցաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածին՝ (Մարկոս 4,35-41) որ կը պատմէ Յիսուսին կողմէ փոթորիկի խաղաղեցումին հրաշքը։

«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ «Յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք՝ թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ՝ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է, որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան» աւելցուց Ան շեշտը դնելով աշակերտներուն «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»եւ Յիսուսին «Ինչո՞ւ կը վախնա՞ք, տակաւին հաւատք չունի՞ք» խօսքերուն վրայ։

«Լռելեան աղօթքն ու ծառայութիւնը մեր յաղթանակի զէնքերն են», հաստատեց Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ, թելադրելով՝ «Մեր կեանքերու նաւակներուն վրայ հրաւիրել Յիսուսը։ Անոր յանձնել մեր վախերը, աշակերտներուն նման փորձարկելով՝ թէ Անոր հետ նաւաբեկութիւնը կարելի չէ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը բոլոր հաւատացեալները յանձնեց Տիրոջ հովանիին, բարեխօսութեամբն Սուրբ Կոյսին, Ժողովուրդներու Փրկութիւն եւ փոթորիկներու մէջ Աստղ ծովու։

Հռոմն ու աշխարհը ողջագուրող այս շարասիւնէն, թող` որպէս մխիթարիչ ողջագուրում, ձեր վրայ իջնէ Աստուծոյ օրհնութիւնը։

«Տէր օրհնէ աշխարհը, բժշկութիւն պարգեւէ մարմիններուն ու սփոփանք սրտերուն։ Մեզմէ կը խնդրես վախ չունենալ։ Մեր հաւատքը սակայն տկար է՝ Տէր, ու մենք երկիւղի մէջ ենք։ Բայց Դուն՝ Տէ՜ր մեզ փոթորիկին մէջ մի ձգեր», ըսաւ ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, որուն՝ Սուրբ Պետրոսի ներքնագաւիթին մէջ հետեւեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքը, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ դուրս գալով գաւիթէն, կատարեց Սուրբ Հաղորդութեան «Urbi et Orbi» օրհնութիւնը՝ այսինքն Հռոմի ու Համայն աշխարհին օրհնութիւնը, որով անոնց որոնք հաղորդամիջոցներու միջոցաւ արարողութեան հետեւող եւ նաեւ անոնց որոնք անկարող էին հետեւիլ սակայն միացած էին հոգեպէս՝ շնորհուեցաւ մեղքերու լիակատար ներումը։






Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+