Թուրքիան Ղարաբաղ պիտի տեղափոխէ սուրիացի ընտանիքներ. Sky News Arabia -
Թուրքիան Ղարաբաղ պիտի տեղափոխէ սուրիացի ընտանիքներ. Sky News Arabia
Մասնաւոր աղբիւրները Sky News Arabia-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ արաբ եւ թուրքմէն ընտանիքներ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջան՝ բնակութիւն հաստատելու համար այն տարածքներուն մէջ, ուրկէ հայկական ուժերը դուրս բերուած են։
Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավարութեան ներկայացուցիչ Շաֆան ալ-Խապուրին Sky News Arabia- ին հաստատած է տեղեկութիւնը, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է սուրիացի ընտանիքները Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխել։
Ալ-Խապուրին բացատրած է, որ այդ կը կատարուի Ղարաբաղի մէջ, ուր մեծ թիւով քիւրտեր բնակեցուած են, ժողովրդագրական փոփոխութիւններ առաջացնելու համար։ Քիւրտերն այս տարածաշրջանը կ'անուանեն «Կարմիր Քիւրտիստան»:
Ան աւելցուցած է, որ ինքն ու իր վարչակազմը մշտական կապի մէջ են քիւրտերու հետ, եւ իրենք համոզուած են, որ սուրիացի որոշ ընտանիքներ այնտեղ կը ժամանեն Թուրքիոյ տարածքով:
Bu haber Arevelk kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Arevelk) ve yazarına ait olup,
Bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.