​Զեկոյց Ի Մասին Ամանորեան Ու Ս. Ծննդեան Արարողութեանց - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

28 Aralık 2020  

​Զեկոյց Ի Մասին Ամանորեան Ու Ս. Ծննդեան Արարողութեանց -

​Զեկոյց Ի Մասին Ամանորեան Ու Ս. Ծննդեան Արարողութեանց ​Զեկոյց Ի Մասին Ամանորեան Ու Ս. Ծննդեան Արարողութեանց

Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ամանորեան ու 2021 տարուան Ս. Ծննդեան առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.

Ա. Նկատի ունենալով արգելափակումները, 31 Դեկտեմբեր 2020, Հինգշաբթի կէս գիշերուան գոհաբանական աղօթքները զանց առնուած են։

Բ. Նկատի ունենալով արգելափակումները, 1 Յունուար 2021, Ուրբաթ առաւօտեան գոհաբանական Ս. Պատարագները զանց առնուած են։

Գ. Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը կը կատարուի 5 Յունուար 2021, Երեքշաբթի երեկոյեան։ Ս. Պատարագը կը սկսի ժամը ճիշդ 17.00-ին եւ կ’աւարտի ժամը 18.30-ին։

Դ. Ս. Ծննդեան առթիւ մատուցանելի Ս. Պատարագը կը կատարուի 6 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի առաւօտեան։ Ս. Պատարագը կը սկսի ժամը ճիշդ 10.30-ին, եւ կ’աւարտի ժամը 12.30-ին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի Ջրօրհնէքի կարգը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Մկրտութիւնը։ Իսկ օրհնուած ջուրը, նկատի ունենալով առողջական պայմանները, բացարձակապէս չի մատակարարուիր հաւատացեալ ժողովուրդին։

Ե. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 6 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի օրուան համայնքային շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

Զ. Յիշատակ մեռելոցի առթիւ 7 Յունուար 2021, Հինգշաբթի առաւօտեան, ժամը 11.00էն սկսեալ բաց են մեր գերեզմանատուները՝ այգուցի համար։ Իսկ Ընդհանուր Հոգեհանգստեան Կարգը կը կատարուի 13.00-ին։

Է. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 7 Յունուար 2021, Հինգշաբթի օրուան Քոյր Եկեղեցիներու ու քաղաքական գործիչներու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

Ը. Նկատի ունենալով համավարակի միջոցառումները, 8 Յունուար 2021, Ուրբաթ օրուան Տիկնանց Յանձնախումբերու շնորհաւորութիւնները զանց առնուած են։

Խստիւ կը թելադրենք մեր ժողովուրդին, թէ ամէն ճիգ կիրարկեն ֆիզիքական հեռաւորութեան սահմանները ապահովելու, հականեխիչներ գործածելու եւ դնչակապի (մասքէ) գործածութեան առթիւ։

Այս տօնական օրերուն պարտինք խստապահանջութիւն օգտագործելով նեցուկ կանգնիլ առողջական միջոցառումներու եւ աղօթել, որ շուտով վերանան մութ ամպերը երկնակամարէն ու վերադառնանք բնական օրերու եւ տօնակատարութեանց։







ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+