Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

30 Ocak 2021  

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ -

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ.

«Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:

Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու իր քրիստոսատուր կոչումին:

Իմ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել այն բոլոր ազգայիններուն ու մարմիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարիքներուն` Հայաստանի, Արցախի ու Լիբանանի մէջ եւ բոլոր գաղութներէն ներս:

Հայրաբար անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ նիւթական կարելիութիւններով օժտուած ազգայիններուն. Աստուծոյ կողմէ ձեզի պարգեւուած բարիքներէն բաժին հանեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն»:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+