​Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի յիշա - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

20 Şubat 2021  

​Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի յիշա -

​Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի յիշա ​Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի յիշատակին

18 փետրուար 2021ին, կը նշուի Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի յիշատակին 75-րդ ամեակը։“Յետ պատերազմեան առաջին Ծնունդին՝ հրեշտակներու սուրբ պատգամին հետ երկնային՝ աւետիք մը բերկրալի՝ տօնական խանդավառ ցնծութեամբ համակեց հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը համայն. զուարթնոց փառաբանութեան հետ Վատիկանեան ձայնասփիւռը կ՚աւետէր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին ՚Իշխանութեան շնորհազարդ պայծառացումը՚, Անոր մուտքը ընդհանրական եկեղեցւոյ վեհաժողովին մէջ կարդինալական ճոխութեամբ։

Արժանաւոր վարձատրութիւն մը Հայ ազգին փառապանծ նահատակութեան

Այս նոր փառքին մէջ՝ հայ կաթողիկէ համայնքը միայն պսակում մը չտեսաւ Ծիրանափառ Հայրապետին անձնական մեծամեծ արժանիքներուն եւ ոչ ալ սոսկ գնահատական մը Անոր բնական ու գերբնական բազմազգի բացառիկ ձիրքերուն, այլ նաեւ արժանաւոր վարձատրութիւն մը Հայ ազգին փառապանծ նահատակութեան եւ անոր հաւաքական եւ անհատական յաւէտ հռչակելի գերբնական յարատեւ նուաճումներուն։” Այս տողերով, Մեսրոպ Վ. Թերզեան Աւետիք պաշտօնաթերթին մէջ կը ներկայացնէր Կարդինալական աստիճանի շնորհումը Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, 18 Փետրուար 1946ին։

Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը

Պիոս ԺԲ. Սրբազան Պապը, կարդինալական աստիճանի այս շնորհումով կրկին կը հաստատէր Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը որ կը տարածուի սահմաններէ անդին, ընդգրկելով տարբեր ազգութիւններ եւ լեզուներ։ Սրբազան Պապը կը փափաքէր որ Կարդինալական դասին մէջ ներկայութիւն ունենան «կարելիին չափով մեծ թիւով ցեղեր եւ ժողովուրդներ, ներկայացնելով կենդանի պատկեր մը Եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան։ Եկեղեցին մայր է, մայր բոլոր ազգերուն եւ բոլոր ժողովուրդներուն, ոչ նուազ նաեւ իւրաքանչիւր մարդու, եւ որովհետեւ ան մայր է, ան չի պատկանիր լոկ այս կամ այն ժողովուրդին։ Ան նաեւ չի կրնար որեւէ տեղ օտար մնալ, այլ կ՚ապրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։»

Նոր ծիրանաւորները, մեծամասնութեամբ ոչ իտալացիներ, կը ներկայացնէին տարբեր ցամաքամասեր, շեշտելով Եկեղեցւոյ համաշխարհայնութիւնը։ Անոնք արժանացած էին կարդինալական աստիճանի շնորհումին՝ նկատի առնելով իրենց առաքինի վարքը եւ արժանիքները։

Սիրելի ազգս, հայ ազգն է՝ որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ

Նորանշանակ Կարդինալ Աղաճանեան իր շնորհակալութեան խօսքը կ՚ուղղէր Պիոս ԺԲ. Պապին ըսելով. “Պիոսի մը օրով Քահանայութեան պատրաստուեցայ, ուրիշ Պիոսի մը օրով Քահանայութեան լրումը ստացայ եւ դարձեալ Պիոս մըն էր, որ զիս Ծիրանաւոր իշխանի պատուաստիճանին կը բարձրացնէ այժմ։ Այս վայրկեանիս խոնարհ հպարտանքով մը համակուած եմ, խոնարհութեամբ՝ զի գիտակից եմ անբաւականութեանս. հպարտանքով՝ զի սիրելի ազգս, հայ ազգն է որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ, այն ազգը որ մայրն է սուրբերու եւ մարտիրոսներու. Հռոմէական ծիրանին այսօր անոնց հերոսական արիւնը կը պսակէ։”

Ս. Բարթուղիմէոս Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՚անուանուէր Դիպեր գէտի կղզիի Ս. Բարթուղիմէոս Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր, որ կը գտնուի Հռոմի մէջ, երկու կամուրջներու միջեւ։ Այս անուանումը խորհրդանշանական էր, որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեան պիտի ըլլար կամուրջ արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ. ան պիտի ըլլար Սուրբ Աթոռի ձայնը, ինչպէս նաեւ ձայնը՝ պատերազմներու պատճառով արիւնաքամ եղած արեւելքի մը։ Ան մեծահոգի կերպով կատարեց իր պաշտօնը՝ գիտակցելով հանդերձ իր դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն։ Յետպատերազմեան շրջանը ունէր իր խնդիրները՝ բարոյական վերականգնումի հրամայականը, համայնավարական վարչակարգի վտանգները, հաւատքի տարածումի խոչընդոտները, միսիոնարներու կրած տանջանքները։

Կարդինալ Աղաճանեանը միջնորդ անցեալի եւ ներկայի մտապատկերներու միջեւ

Կարդինալ Աղաճանեան կրցաւ ըմբռնել պատմութեան տագնապալի պահերուն էութիւն, գիտցաւ ըլլալ միջնորդ անցեալի եւ ներկայի մտապատկերներու միջեւ, մղելով քրիստոնէական հերոսական պայքար ճնշումի դէմ, կոչ ուղելով որ քրիստոնեան չմնայ միջակութեան մէջ, այլ ըլլայ քրիստոնեայ՝ ամբողջութեամբ եւ հերոսաբար։ Ան համոզումով կատարեց իր առաքելութիւնը ի դէմս կրօնական, ընկերային եւ քաղաքական պատասխանատուներու։

Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն, այլ բազմազանութիւն՝ հաւատքի միութեամբ

1965 թուականին Corriere della Sera թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Կարդինալ Աղաճանեան, անդրադառնալով միութեան խնդրի եւ հաւատացեալներու դիմաց գտնուող բարոյական մարտահրաւէրներու մասին, կ՚ըսէր. «Եկեղեցին միշտ հաւատացած է իւրաքանչիւր անհատի մարդկային արժէքին, ուր անհատի արժանապատուութեան մտապատկերը կը վերածուի ներշնչող գաղափարի մը, փորձաքարի՝ ճշդելու նոր քրիստոնէութեան մը վաւերականութիւնը։ Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն, այլ բազմազանութիւն՝ հաւատքի միութեամբ։”








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+