Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի Սաները Թուրքիան Պիտի Ներկայացնեն Միջազգային Մրցոյթի Մը ՄէջԳոհունակութեամբ - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

19 Mayıs 2021  

Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի Սաները Թուրքիան Պիտի Ներկայացնեն Միջազգային Մրցոյթի Մը ՄէջԳոհունակութեամբ -

Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի Սաները Թուրքիան Պիտի Ներկայացնեն Միջազգային Մրցոյթի Մը ՄէջԳոհունակութեամբ Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի Սաները Թուրքիան Պիտի Ներկայացնեն Միջազգային Մրցոյթի Մը ՄէջԳոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի սաները վեր?

Դպրոցի Զ. դասարանի սաներէն Միլա Տեւեճեան եւ Քրիս Էօզհալլաճեան այս մրցոյթին ներկայացուցած են իրենց «Unipsiko» ծրագիրը՝ ուղեցոյց ուսուցչուհի Աղաւնի Տուրասլանի վերահսկողութեան ներքեւ։ 680 միջվարժարանային խումբերու շարքին այս նախագիծը դասուեցաւ Թուրքիոյ առաջինը։
Դպրոցի Է. դասարանէն Նիքոլ Թաշճեան, Այգուն Ներսէսեան եւ Սեւակ Իւչքարտէշն ալ «Հակաճառագայթման պաշտպանութիւն» կոչուած ուրիշ նախագիծով մը մասնակցեցան մրցոյթին՝ ուղեցոյց ուսուցչուհի Այլին Ճըրլըի մականին ներքեւ։ Այս նախագիծն ալ դասուեցաւ Թուրքիոյ երրորդը։

Այսպէսով Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի աշակերտները յառաջիկայ շրջանին «Robotex International»ի եզրափակիչ փուլին պիտի մասնակցին՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։ Անոնք այս նպատակով պիտի մեկնին Էսթոնիա։

«Robotex Turkey»ը Թուրքիոյ մէջ մեծածաւալ գիտական աշխատանք կը տանի։ Ան կը ներկայացնէ «Robotex International Talinn»ը, որու շնորհիւ աշխարհի բազում երկիրներէ ճարտարագէտներ, մեծ ընկերութիւններու կառավարիչներ կը մէկտեղուին՝ ներշնչուելու համար փորձագիտական վերջին նորութիւններէն, նաեւ ուսումնասիրելու համար նոր ծրագրերու շուրջ մտայղացումներ։

Եշիլգիւղի վարժարանի աշակերտներուն այս նուաճումը իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։ Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զիրենք եւ իրենց ուղեցոյց կրթական մշակները, որոնց յաջողութիւն կը մաղթենք Էսթոնիայի մէջ նախատեսուած եզրափակիչ փուլին։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+