​Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

21 Mayıs 2021  

​Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է -

​Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է ​Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան եւ համարկման հարցով ազրպէյճանական կողմի կատարած առաջարկներուն: Ան այս մասին խօսած է «Հարաւային Կովկաս. շրջանային զարգացման եւ համագործակցութեան հեռանկարներ» նիւթով խորհրդաժողովին ընթացքին:

«Մենք կատարած ենք բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը բխին 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն եւ կ՛առնչուին հաղորդակցութիւններու եւ նոր փոխադրամիջոցային միջանցքներու բացման: Կրնամ ըսել, որ աշխատանքները արդէն սկսած են այս նախագիծին ուղղութեամբ, եւ Ազրպէյճանը արդէն թեքնիք եւ ֆինանսական ներուժ յատկացուցած է: Եւ երբ Զանգեզուրի միջանցքը բացուի, ատիկա նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ շրջանի բոլոր երկիրներուն համար: Ազրպէյճանը բաց է համագործակցութեան եւ միացեալ ապագայի համար: Մենք դրացիներ ենք եւ պէտք է սորվինք դարձեալ կողք-կողքի ապրիլ», յայտարարած է Ալիեւ:

«Մենք համագործակցութեան առաջարկ ըրած ենք Հայաստանին փոխադրամիջոցային հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար` Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ, որ պիտի միաւորէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը երկաթուղային կապ պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Հոլովոյթը սկսած է, ընթացքի մէջ է: Ատիկա դիւրին չէ, սակայն սկսած է, եւ մենք աջակցութեան կարիք ունինք թէ՛ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ներառեալ Միացեալ Նահանգներէն, շրջանի երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը: Եւ ցաւալի պիտի ըլլայ, որ Հայաստանը կորսնցնէ այս կարելիութիւնը, ասիկա վերջին կարելիութիւնն է», աւելցուցած է ան:

«Հայաստանի հասարակութիւնը պէտք է համակերպի նոր կացութեան: Մենք արդէն առաջարկ ըրած ենք, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնը չէ պատասխանած: Ես բազմիցս ըսած եմ, որ պատրաստ ենք սկսելու աշխատիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ` վերջ դնելու պատերազմին, հաւանական զինուորական ճակատումին: Մենք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր ունենանք, մենք պէտք է Հայաստանի հետ սահմանազատում կատարենք», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+