Աւելի Քան Հարիւր Տարի Յետոյ Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատրիարքա - Հայերէն
07 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

30 Ağustos 2021  

Աւելի Քան Հարիւր Տարի Յետոյ Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատրիարքա -

Աւելի Քան Հարիւր Տարի Յետոյ Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատրիարքա Աւելի Քան Հարիւր Տարի Յետոյ Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Պատրիարքական Սուրբ Պատարագ

Ժամը 11.00-ին կազմուած հանդիսաւոր թափորը շարժեցաւ Տաճարի մկրտարան-մատուռէն, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։

Կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Տ. Շիրվան Միւրզեան, Շահէն Օհանեան քահանաները, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Բրկ. Ղազար Սապունճեան, Գրիգոր Էրքան Կարապետեան, Արտա Փնարճեան կիսասարկաւագներն ու Ճան Էվեափան, Եուսուֆ Թապաշեան ուրարակիր դպիրները։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Մելինէ Թէմէլճիի։

Ս. Պատարագին ներկայ եղան Ատըեամանի Ասորւոց Մոր Կրիկորիոս Մետրոպոլիտը։

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի երբեմնի Մալաթիոյ թեմի հանգուցեալ սպասաւորներուն։

ՔԱՐՈԶ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց, բնաբան ունենալով §Կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ ողջնցաւ¦ (Ղկ 15.32) Սուրբգրական նախադասութիւնը։

Պատրիարք Հայրը եկեղեցիներու եւ տաճարներու նշանակութիւնը ներկայացուց, յիշելով Հին Կտակարանի եւ Նոր Կտակարանի օրինակները։ Այս առիթով շեշտեց, թէ՝ կառոյցները իրենց Աստուածային նշանակութեամբ սրբութիւններ են, կերտուած են պաշտամունքի համար։ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ պատմական ճամբորդութիւնը եւս մեկնեց այս երեսակով ու ըսաւ, թէ՝ այս տաճարը անցեալին հիմնուած էր որպէսզի Մալաթիոյ շրջանի հայերը իրենց պաշտամունքը կատարեն։ Տարիներու ընդհատումէ յետոյ, երբ նոյն կառոյցին մէջ նոյն նպատակով հաւատացեալներ կը հաւաքուին ու Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սա իրականութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ տօնական ուրախութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը, եկեղեցւոյ կարգավիճակին մասին յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ ըսաւ, թէ՝ եկեղեցին ունի մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ, սակայն այստեղ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Մալաթիոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներուն համաձայն արարողութիւն կատարել, ինչպէս են Մկրտութիւն, Ս. Պսակ եւ Ս. Պատարագ։ Այս առթիւ անգամ մը եւս երախտիքով անդրադարձաւ տեղւոյն պատկան մարմիններուն բարեացակամութեան ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մալաթիոյ Կուսակալին եւ Մայր Քաղաքապապետին։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս կարգավիճակը ներկայացնելով յիշեցուց նաեւ, թէ՝ պէտք է կեդրոնանալ լքեալ սուրբ կառոյցին բարւոքման իրականութեան վրայ։ Ան յայտնեց, թէ՝ անցեալ օրերուն գործողութեան ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, յատկապէս փափաքած էր ներկայ գտնուիլ այս պատմական արարողութեան եւ Ս. Պատարագին, որպէսզի որպէս Պատրիարք Հայոց եւ հոգեւորական, եզակի ապրումներով մաս եւ բաժինը ստանայ այս մեծ տօնէն։

Պատրիարք Հայրը, Ատըեամանի Ասորւոց Մետրոպոլիտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց, Մալաթիոյ եւ շրջակայից հայ ժողովուրդի անդամներուն հանդէպ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։ Այս առթիւ, իրենց մաղթեց արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի աւարտին գնահատելով Հաթայ նահանգի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի աշխատանքն ու ծառայութիւնը, զինք նշանակեց գաւառի մեր ժողովուրդի տեսուչ։

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ապա Պատարագիչ Սրբազան Հայրը եւ քահանայ հայրեր հաղորդութիւն մատակարարեցին Տաճարին մէջ գտնուող հաւատացեալներուն։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որու ընթացքին յիշատակուեցան երբեմնի Մալաթիոյ թեմի հանգուցեալ եկեղեցական սպասաւորները։ Մի առ մի յիշատակուեցան պատմութեան ծանօթ թեմակալ առաջնորդները, յիշուեցան նաեւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

Ապա հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան գոհունակութիւն։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ երգչախումբի անդամներուն, ուղղուեցաւ Մալաթիոյ Հայոց գերեզմանատունը։ Այս այցելութեան մասնակցեցան նաեւ հաւատացեալներ։

Գերեզմանատան կեդրոնը կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստ եւ յիշատակուեցան ի Տէր ննջած եւ գերեզմանատան մէջ ամփոփուած համայն հայորդիները։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Յաւարտ հանդիսութեանց, իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ նոյն երեկոյ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները 30 Օգոստոս միջօրէի թռիչքով կը վերադառնան Ստանպուլ։





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+