​Քեսապի մէջ ոգեկոչուած է երջանկայիշատակ ամեն. Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

20 Ocak 2022  

​Քեսապի մէջ ոգեկոչուած է երջանկայիշատակ ամեն. Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը -

​Քեսապի մէջ ոգեկոչուած է երջանկայիշատակ ամեն. Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը ​Քեսապի մէջ ոգեկոչուած է երջանկայիշատակ ամեն. Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը

Սփիւռքահայութիւնը տակաւին սեւեռած է իր աչքերը դէպի Լիբանան, որովհետեւ լիբանանահայութենէն կը քաղէ իր կենսահիւթը, իր ոյժը։Պէտք է տակաւին տոկանք, ամէն տագնապ վերջ մը ունի։ Երջանկայիշատակ Ամեն. Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ ԳասպարեանԱմենապատիւ եւ Գերեջանիկ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. (16-01-2011) - (16-01-2022)՝ Գասպարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին վախճանման 11-րդ տարելիցը նշուած է Քեսապի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի լուրերը տարածող Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցի դիմատետրեան էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

Կիրակի՝ 16 Յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց տեղւոյն ժողովրդապետ Գերապատիւ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին 11 տարիներ առաջ կորսնցուց իր շատ սիրելի Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը։Իր օրով պատրիարքարանին դռերը բացաւ աղքատներուն, հիւանդներուն, տկարներուն եւ լքուածներուն առջեւ։ Ամէնուն տուաւ նիւթ, գութ, կարեկցութիւն եւ սէր...։Ան փոխեց անոնց արցունքը՝ ժպիտի, իսկ յուսահատութիւնը՝ լաւատեսութեան»։իսկ 24 Մայիս 1984-ին, լիբանանահայութեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Երկար՛ տարիներու տառապանքը պէտք չէ խախտէ մեր վստահութիւնը եւ նսեմացնէ մեր յոյսը Լիբանանի հանդէպ։ Մենք այս հողին վրայ հաստատած ենք մեր կաթողիկոսական աթոռները, կանգնած ենք հայկական եկեղեցիներ, հիմնած ենք կրթական հաստատութիւններ, կազմակերպած ենք բարեսիրական ու ազգային բազմաթիւ շարժումներ, որոնք ազդակներ են մեր գոյատեւման եւ արդիւնք՝ լիբանանահայութեան ստեղծագործ ոգիին։ Հրաժարիլ այս անգնահատելի արժէքներէն. խախտե՞լ մեր այս ամուր կառոյցները, գաղթել՞ դէպի օտար ու անստոյգ ափեր, ո՛չ երբե՛ք։Կառչած պիտի մնանք այս օրհնեալ հողին, որ մեզի կապահովէ ազատ քաղաքացիի հասկացողութիւնը, լայնախոհութիւնը։

Սփիւռքահայութիւնը տակաւին սեւեռած է իր աչքերը դէպի Լիբանան, որովհետեւ լիբանանահայութենէն կը քաղէ իր կենսահիւթը, իր ոյժը։Պէտք է տակաւին տոկանք, ամէն տագնապ վերջ մը ունի։Մեր ազգին պատմութիւնը արձանագրած է աւելի փոթորկալից շրջաններ եւ աղիտալի անցքեր։ Ջանանք հաւատարիմ մնալ մեզի փոխանցուած արիութեան աւանդին եւ սրբութիւններուն»։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն երջանկայիշատակ սրբակենցաղ հայրապետին հոգւոյն։ Ցաւակցութիւնները ընդունուեցան Վանքին «Աղաճանեան» դահլիճին մէջ։

«Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի, ամէն»։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+