Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

05 Şubat 2022  

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, -

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն,

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռավար հանդիպում մը։ Տեսաժողովը կազմակերպուեցաւ Մաքրոնի եւ Միշելի միջնորդութեամբ։ Ֆրանսա, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է, միեւնոյն ժամանակ, ներկայիս կը հանդիսանայ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հեռավար հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտի առկայ մարդասիրական խնդիրներու լուծման շուրջ։ Բաց աստի, օրակարգի վրայ եկան զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ներքեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներու սահմանագօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման եւ սահմանազատման, միջազգային կազմակերպութիւններու Լեռնային Ղարաբաղ ելումուտին, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը։

Անցեալ դեկտեմբերին ալ Պրիւքսելի մէջ նման ձեւաչափով դէմ առ դէմ հանդիպումներ տեղի ունեցած էին։ Նախ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ մէկտեղուած էին Փաշինեան եւ Ալիեւ, որոնք յաջորդ քայլափոխին ալ զրուցած էին Մաքրոնի ներկայութեամբ։

Այդ բոլոր շփումներու մթնոլորտին մէջ թէեւ դրական հեռանկարները միշտ կը շեշտադրուին տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ մասնաւորապէս Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի բացման կապակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան երկու օր առաջ կառավարութեան նիստի ընթացքին ալ յայտարարեց, որ այս ուղղութեամբ շատ մօտ է շօշափելի արդիւնքի մը արձանագրուիլը։ Յամենայնդէպս, սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը կը շարունակէ լուրջ տարակարծութիւններու պատճառ դառնալ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ։ Հայաստան վերջերս Ռուսաստանի միջնորդութեամբ այս հարցին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած էր Ատրպէյճանին։ Վերջին օրերուն արդէն պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ Ատրպէյճան այդ բոլորը մերժած է։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է այդ մերժումին՝ հաշուի առնելով Պաքուի հիմնաւորումները, ըստ որոնց Հայաստան նախապայմաններ յառաջ կը քշէ այս հարցին շուրջ։ Երէկ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կրկնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Հայաստանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին ներգրաւուելու՝ առանց նախապայմանի։









Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+