​«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

09 Mart 2022  

​«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ -

​«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ ​«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին ի նպաստ 13 մարտ 2022-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունենալիք բարեսիրական համերգին ելոյթ պիտի ունենայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, որուն հետ այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց:

«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, ուր կայ մեծաթիւ գաղութ մը: Ի՞նչ են ձեր զգացումներն ու մտածումները:

ՍԻՊԻԼ.- Իրականութեան մէջ իմ երրորդ այցելութիւնս պիտի ըլլայ դէպի Լիբանան: Առաջինը` իբրեւ զբօսաշրջիկ, իսկ երկրորդը, հինգուկէս տարի առաջ, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կողմէ ստացած հրաւէրի միջոցով: Ուրախ եմ, որ տարիներ ետք կրկին առիթը պիտի ունենամ Համազգայինի հրաւէրով եւ նոյն միութեան կազմակերպած համերգին ելոյթ ունենալ շատ սիրելի ու հայրենանուէր լիբանանահայութեան համար: Ինչպէս գիտէք, «Քորոնա»-ի համաճարակի պատճառով դեկտեմբերին նախատեսուած սոյն համերգը յետաձգուեցաւ, եւ ես անհամբեր կը սպասէի նոր թուականի ճշդումին: Բոլորս երկու դժուար տարիներ ապրեցանք: Այս շրջանին Հայաստանի մէջ զանազան ելոյթներ ունեցայ, բայց, ցաւ ի սիրտ, համաճարակի պատճառով ստիպուեցայ ընդմիջել զանոնք: Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համերգը իմ առաջին մենահամերգս պիտի ըլլայ: Յուզուած եմ եւ անհամբեր: Համերգ տալու նպատակով Լիբանան կատարած առաջին այցելութեանս ընթացքին ունեցած էի անմոռանալի ապրումներ: Լիբանանահայ ժողովուրդին ջերմ ընդունելութիւնը յուզած էր զիս: Կը մաղթեմ, որ այս համերգս ալ նոյն ջերմութեամբ ընդունուի:

«Ա.».- Խօսինք 13 մարտին տեղի ունենալիք ձեր համերգի ծրագիրին մասին:

Ս.- Համերգիս մաս պիտի կազմեն Համազգայինի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու գլխաւորած «Քնար» պարախումբը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երգերով «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» Երիտասարդական քոլեճի երաժիշտները, որոնց գեղարուեստական ղեկավարն է Մկրտիչ Միքայէլեան: Ամիսներէ ի վեր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հետ մեծ աշխատանք կը տանինք: Բոլորիս ծանօթ է Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հետեւաբար քաջատեղեակ եմ թէ դիւրին չէ այս պայմաններու տակ ձեռնարկ կազմակերպել: Ես սրտանց կը գնահատեմ զիրենք, իրենց կատարած աշխատանքին եւ հրաւէրին համար: Ինծի համար մեծ պատիւ է երգել Լիբանանահայութեան համար:

«Ա.».- Խօսինք երգացանկին մասին: Ընդհանրապէս ինչ ժանրի երգեր պիտի մեկնաբանէք:

Ս.- Փորձեցի իմ հինգու կէս տարի առաջուան երգացանկէն տարբեր երգել մեկնաբանել: Բայց կան այնպիսի երգեր, որոնք անպայման կ՛ուզէ լսել ունկնդիրը, եւ ես այդ շարանն ալ պիտի երգեմ: Այս անգամ երգացանկիս մէջ տեղ կը գրաւեն երկու օտար երգեր: Չեմ ուզեր յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել յայտագիրին մասին, որպէսզի անակնկալ ըլլայ:

«Ա.».- Ընդհանուր գիծերու մէջ մեր ընթերցողներուն ծանօթացուցէք ձեր ստեղծագործական ճանապարհը:

Ս.- Մօտ տասներկու տարիէ ի վեր հանրութեան առջեւ հանդէս կու գամ որպէս երգչուհի: Երբ որոշեցի երգչուհի ըլլալ, առաջին փափաքս ու նպատակս էր հայերէն երգն ու իմ մայրենիս ծանօթացնել նախ Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ ծնած եմ Պոլիս, ապա արտասահմանի մէջ լսելի դարձնել նաեւ օտարներուն: Կ՛ուզէի երգի միջոցով իմ խօսքս փոխանցել: Այդ պատճառով է, որ իմ ալպոմներուս մէջ տեղ տուած եմ հայրենասիրական եւ ազգասիրական երգերու: Տակաւին կը պայքարիմ եւ ջանք չեմ խնայեր աւելին ընելու իմ պաշտելի հայ երգը տարածելու համար:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր հայ երգը:

Ս.- Երբ կը խօսինք հայ երգին մասին, ակամայ կը յիշենք շատ գեղեցիկ եւ բարձրորակ հին ստեղծագործութիւնները: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր եւս շատ գեղեցիկ յօրինումներ կան: Բարձր կը գնահատենք հիները, բայց ես կ՛ուզեմ նոր ստեղծագործութիւններ ալ մեկնաբանել եւ նուիրել մեր յաջորդներուն: Մեր պարտականութիւնն է բարձր պահել որակը եւ սիրցնել հայ երգը նորահաս սերունդին:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+