​Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Վեց Կէտերու Վրայ - Հայերէն
09 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

26 Kasım 2022  

​Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Վեց Կէտերու Վրայ -

​Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Վեց Կէտերու Վրայ ​Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Վեց Կէտերու Վրայ

Համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի։ Վաղը 6 թաղային խորհուրդի պարագային ընտրութիւն պիտի կատարուի համայնքէն ներս։

Վաղուան ընտրութիւնները նախատեսուած են Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ։ Մեր համայնքի անդամները վաղը պիտի քուէարկեն՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս, Էյուպի Ս. Աստուածածին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմերը վերանորոգելու համար։ Բ. ընտրաշրջանի այս եկեղեցիներու ընտրութիւններուն համար քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ եւ Օրթագիւղի եկեղեցիներուն մէջ եւ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։

Վաղը ընտրութիւն նախատեսուած թաղերէն միայն Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ պարագային մրցակցութիւն յառաջացած է։ Այս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար կը մրցին Ոսկէգոյն եւ Կապոյտ ցանկերը։

Մինչեւ տարեվերջ մեր համայնքի բոլոր կառոյցներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները պէտք է աւարտին։ Անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանի բոլոր ընտրութիւնները աւարտած էին՝ Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդի կազմերու վերանորոգումով։ Այս շաբաթավերջի ընտրութիւններէն վերջ, յառաջիկայ շաբաթավերջէն սկսեալ քուէարկութիւնները պիտի սկսին նաեւ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանի՝ քաղաքի Ասիական ափի մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն համար։

Վաղուան բոլոր ընտրութիւնները կը կազմակերպուին Բ. ընտրաշրջանի համատեղ ընտրական մարմնին կողմէ։





Bu haber marmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (marmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(marmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+