​սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին Ընտրութիւնը - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

13 Aralık 2022  

​սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին Ընտրութիւնը -

​սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին Ընտրութիւնը ​սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին Ընտրութիւնը

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը երէկ շարունակուեցաւ՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը վերանորոգելու համար տեղի ունեցած քուէարկութեամբ։ Ընտրութենէն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Կապոյտ ցուցակը, որ ընտրապայքարի մէջ մտած էր Կանաչ ցուցակին հետ։ Քուէատուփերը զետեղուած էին թէ՛ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին եւ թէ՛ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այս երկու կէտերուն վրայ քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1036 հոգի։ 17 ձայն եղաւ անվաւեր, իսկ 2 քուէ ալ դատարկ էր։ Քուէահամարի արդիւնքով՝ Կապոյտ ցուցակը 575 ձայն ստանալով իրաւունք շահեցաւ յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ղեկը ստանձնելու։ Կանաչ ցուցակին ի նպաստ քուէարկեց 442 հոգի։

Իսթանպուլի Ա. շրջանէն ներս կատարուած երէկուան ընտրութեան ընթացքը վերահսկուեցաւ՝ նոյն ընտրաշրջանի հասարակաց ընտրական մարմնին կողմէ, որուն գլուխը կը գտնուէր Էօմէր Քանթիք։ Երէկ ամէն ինչ ընթացաւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ, հարթ ու կանոնաւոր։ Այժմ ընտրական մարմինը երէկուան քուէարկութեան արդիւնքը կը ներկայացնէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի համապատասխան բաժանմունքին, որպէսզի անհրաժեշտ վաւերացումէն վերջ նորընտիր թաղային խորհուրդը պաշտօնի ձեռնարկէ։

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակին գլուխը կը գտնուէր Պերճ Զընկըք, իսկ Կակաչ ցուցակին գլուխը՝ Յովհաննէս Կիւլ, որոնք երէկ զիրար շնորհաւորեցին եւ փոխանակեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին յառաջիկայ շրջանին մաս պիտի կազմեն հետեւեալ անունները.

Պերճ Զընկըք, Հերման Փորթագալեան, Թարա Թեքարթինեան-Կէօնճիւ, Հերման Քարատէրէ, Զաքար Նեվրուզ, Այլին Աթէշ, Յովհաննէս Չաքրաքլը, Արտա Սունա, Սելին Էսքիճի, Արտէն Թերզեան, Ռաֆֆի Աբար եւ Ասլին Ճեհերեան։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, երէկ Վաքըֆլըգիւղի մէջ ալ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն եւ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նոր կազմը ձեւաւորուեցաւ։ Երկու ցանկերու մասնակցութեամբ ընտրապայքար մը ապրուեցաւ գիւղէն ներս, արդիւնքին առաւելութեան հասաւ՝ այժմու ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի կողմէ գլխաւորուած ցուցակը։

Մեր կողմէ նշենք, որ Վաքըֆլըգիւղը թրքահայ համայնքային ապրումներու առանցքին կը գտնուի եւ կարեւոր խորհրդանշան մըն է՝ պատմական գաւառներէ մեր մնացորդացին տեսակէտէ։ Ցաւալի է, որ գիւղի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ընտրութեան մասին պաշտօնական տեղեկութիւններու կանոնաւոր հոսք մը չէ ապահովուած, նոյնիսկ յարաբերութիւն մը չէ մշակուած հայկական մամուլին հետ, հակառակ անոր, որ քաղաքիս մէջ լեցուն վաքըֆլըգիւղցի կը գտնուի եւ նոյնիսկ համապատասխան հայրենակցական միութեան միջոցաւ կարելի էր շատ դիւրութեամբ՝ նուազագոյն հաստատութենական մօտեցումով լուծում մը գտնել այս հարցին։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+