​Իրան Բողոքագիր Յղած Է Ազրպէյճանին - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

04 Nisan 2023  

​Իրան Բողոքագիր Յղած Է Ազրպէյճանին -

​Իրան Բողոքագիր Յղած Է Ազրպէյճանին ​Իրան Բողոքագիր Յղած Է Ազրպէյճանին

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունը բողոքագիր յղած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Իրանի դէմ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու վիրաւորական քայլերուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Դեսպանատունը իր խիստ բողոքը արտայայտած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու քայլերուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած զանոնք անյապաղ դադրեցնելու:

Դեսպանատունը նաեւ զգուշացուցած է նման քայլերուն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք վնասակար ազդեցութենէն:

Մինչ այդ, շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով Պաքուէն բացատրութիւն պահանջած է Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ հնչած յայտարարութիւններուն մասին:

Քենաանի գրած է, որ Իսրայէլ այլ նպատակ չունի, քան իսլամական աշխարհին մէջ տարակարծութիւններ ու պառակտում ստեղծելը, ուստի Իրան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ տեղեակ ըլլալ «յանցաւոր սիոնական վարչակարգի» իրական մտադրութիւններէն:

Անոր համաձայն, իրանեան կողմը Ազրպէյճանի կառավարութենէն խնդրած է մեկնաբանել Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի` Ազրպէյճանի հետ «Իրանի դէմ միասնական ճակատ ստեղծելու» համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները, սակայն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը խուսափած է պատասխանելէ եւ Իրանի հասցէին նոր մեղադրանքներ կատարած է:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այս պարագային Ազրպէյճանի շարունակական լռութիւնը կը փաստէ, որ Պաքուն անուղղակիօրէն հաւանութիւն տուած է իր ռազմավարական գործընկերոջ յայտարարութիւններուն:

Հասանով «Սադրանքները Վճռականօրէն Ճնշելու»
Յանձնարարականներ Տուած Է

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով կատարած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին իր ձեւակերպումով «ազատագրուած տարածքներուն մէջ» եւ «վերահսկողութեան տակ առնուած նոր բարձունքներուն վրայ» «սադրանքները վճռականօրէն ճնշելու ուղղութեամբ» յանձնարարականներ տուած է:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, մեկնաբանելով ազրպէյճանական բանակի «յաջող գործողութիւններուն հետ չհամակերպողներու յայտարարութիւնները»` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ «ոչ ոք իրաւունք ունի իրենց հետ խօսելու սպառնալիքի լեզուով»: Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Հասանով նշած է, թէ «ահաբեկչութեան եւ բռնագրաւումի քաղաքականութեան աջակցող երկիրներու զինուորականներու զրպարտչական բնոյթի մեղադրանքները անընդունելի եւ անհեթեթ են»:

Ան ըստ էութեան արձագանգած է իրանեան կողմի վերջին յայտարարութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումարս Հէյտարի Պաքուին դիմելով յայտարարած է, թէ Իրան շրջանի երկիրներուն մէջ սիոնական տարրերու գոյութիւնը պիտի չհանդուրժէ եւ պիտի դիմակայէ զայն:

Ան նշած էր, որ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող զգայուն հարցերէն մէկը այդ երկրի սահմաններուն վրայ սիոնական վարչակարգի տարրերու, միւսը` սուրիացի ահաբեկիչներուն գոյութիւնն է, վերջիններս շրջան տեղափոխուած են ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ:

Ի պատասխան` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զրպարտութիւն որակած էր իրանեան բանակի հրամանատարի յայտարարութիւնը` պնդելով, որ «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ օտար տարրեր չկան», եւ Պաքուի հասցէին Թեհրանի բոլոր մեղադրանքները «անհիմն եւ անընդունելի են»:

Իրանցի զօրավարը նաեւ շեշտած էր, որ Թեհրան Հայաստանի հետ սահմանին փոփոխութիւններ պիտի չարտօնէ: Պաքուէն կրկին մեղադրանքներ տեղացուցած էին, թէ իրանեան կողմը մշտապէս աջակցած է Հայաստանին, ներառեալ պատերազմէն առաջ:

«Եւ այսօր ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Ֆրանսան եւ Իրանը աշխարհի վրայ Հայաստանի հիմնական դաշնակիցներն են», ընդգծած էր նախարարութիւնը:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+