Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Հսկումի Երեկոյ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զ - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

24 Nisan 2023  

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Հսկումի Երեկոյ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զ -

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Հսկումի Երեկոյ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Հսկումի Երեկոյ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

108 տարիներ անցած են, այո՛, սակայն մեր դատը անժամանցելի է, մինչեւ այն պահը որ կը յիշենք մեր նահատակները, կ’աղօթենք անոնց հոգիներուն, կը պահենք հայ ընտանիքները, կը պահպանենք մեր լեզուն, կը սորվինք մեր պատմութիւնը, կը ներկայացնենք մեր մշակոյթը եւ նախանձախնդիր կ’ըլլանք մեր գոյութեան պահպանման։Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ՝ Ժէիթաուի, ներկայութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Ստեփան Գէորգեանի, երեսփոխան Ժան Թալուզեանի, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի, քաղաքական դէմքերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու, աշակերտներու եւ միութենականներու, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներու։


Նախքան յայտագրի պաշտօնական մեկնարկը, ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Պետական Հ1 կայանի ուղարկած «Ինչու է Աղմկում Անցեալը» փաստավաւերագրականը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան յիշատակին։

Քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանական Միութենէն Ռոպէր Թորանեան որ ի մասնաւորի ըսաւ. «Յարութեան շունչն է ահա… Յարութիւն՝ Քրիստոնեայի, յատկապէս Հայ քրիստոնեայի հաւատք ու յոյս պարգեւող գոյական։ Յարութիւն առնելը մարդկային հասկացողութենէն վեր, գերագոյն ուժի կարողութիւն եւ հրաշք ապրեցնող բայ։ Հայ ազգի գոյութեան եւ գոյատեւման հիմնաբառ մը, որ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ խարիսխ դրած է։

Անհաւատալի եւ անընդունելի երեւոյթ մըն է, չար ու նենգ գազանին համար, երկրին վրայ գոյանայ ու ապրի Աստուածային շնորհներով օժտուած մարդ արարածներ։ Նիւթապաշտ ու բռնակալ թուրքը ծրագրեց ջարդը՝ աշխարհի երեսէն վերացնելու համար արդարութիւնը, լռեցնելու համար իրաւունքներու ձայնը, խեղդելու համար պահանջատիրական ցասումը։ Սակայն անհաւատալի եւ անակնկալ էր անոր համար յարութեան գաղափարը, ան չէր ակնկալեր երբեք, Հայ ժողովուրդին վերականգնումն ու բազմացումը։

108 տարիներ անցած են, այո՛, սակայն մեր դատը անժամանցելի է, մինչեւ այն պահը որ կը յիշենք մեր նահատակները, կ’աղօթենք անոնց հոգիներուն, կը պահենք հայ ընտանիքները, կը պահպանենք մեր լեզուն, կը սորվինք մեր պատմութիւնը, կը ներկայացնենք մեր մշակոյթը եւ նախանձախնդիր կ’ըլլանք մեր գոյութեան պահպանման»։

Այսօ՛ր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ մեր սիրելի Հօր՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրով մը կը վերյիշենք մեր պատմութեան սեւ էջերէն ամենէն ցաւալին, որպէսզի վերանորոգենք մեր ուխտը, երդնունք կանգուն մնալ, եւ մեր վիշտն ու ցաւը վերածենք յոյսի, հաւատքի, միասնական ուժի եւ սիրոյ…»։

Օրուան պատգամով հանդէս եկաւ Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քէշիշեան, որ իր կուռ ելոյթը մեկնարկելով Յովհաննէս առաքեալի «Այս է յաղթութիւնը, որ հաւատքով պիտի յաղթենք աշխարհին» վկայութեամբ, որ կը յորդորէ, հաւատքով յաղթահարել ամէն տեսակ չարիք, մատնանշեց, որ Քրիստոսի որդիներ ըլլալով, իրմէ կը սորվինք, թէ խաչի ճանապարհը մահով վերջ չի գտներ, այլ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով մահը մահով կը յաղթենք, իսկ մենք՝ Յարուցեալ Քրիստոսի զաւակները, երբեք առիթը չենք տար, որ մեզ մեր հաւատքէն հեռացնեն, որովհետեւ մեր հաւատքով մենք հաւատացինք յարութեան եւ այդ հաւատքով է, որ աստուածային հրամանով մեր նահատակներն ու մենք, միասնաբար յարութիւն պիտի առնենք:

Հայր Սահակ իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Այնուամենայնիւ մեր ժողովրդային երգերը, մեր հոգիները կը վերակենդանացնեն, երբ միասնականութեան կոչ ուղղելով՝ «Հայեր միացէ՛ք» կ'երգենք եւ կամ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կը կոչենք. այո՛ սիրելիներ մի գուցէ սխալ հասկցած ենք զէնքի գաղափարը, սակայն այժմէական ու անհրաժեշտ է որ զինուինք ու պայքարիք մեր արդար դատին համար, առիթ չտանք որ պատմութիւնը կրկին անգամ կրկնուի: Արդ, մեր Զէնքը՝ մեր հաւատքն է, իսկ մեր պայքարը՝ Քրիստոսի հիմնած խաղաղութիւնն է: Սիրոյ արտայայտութիւնը, նախ մէկս միւսին հանդէպ, միասնականութեան ոգիով ու ամրակուռ հաւատքով:

Այսօր, աշխարհով մէկ, հայերս կ'ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը, եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայերով մէկ, միասնականութեամբ կը միանանք մէկ նպատակի մը համար, որն է՝ արդարութիւնն ու հատուցումը: Մեր միասնականութիւնը առկայ է եւ մօտեցած է լուսաբացը, աշխարհը ճանչցաւ մեզ եւ տեսաւ մեր պահանջատիրութիւնը, այսօր այստեղէն կը միանանք մեր աշխարհի բոլոր հայորդիներուն, հաւատքի պայքարը մղելու, սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Ժէիթաուիէն մինչեւ Անթիլիաս, ձեռք-ձեռքի տալով բարձր պահենք մեր հաւատքը, որովհետեւ կարելի չէ հայ մը տեսնել առանց Քրիստոսի:

Արդարեւ տարիները կը սահին, սերունդները կ'անցնին, սակայն մենք տակաւին հոս ենք: Վկաներն ենք յարութեան: Մօտ է, հատուցումը, Քրիստոս մեզ սորվեցուց խորագէտ ըլլալ օձերու պէս, եւ անմեղ աղաւնիներու նման: Մեր նախնիները, որ աղաւնիներու նման անմեղ արիւնով մորթուեցան, մենք ձեզ կը խոստանանք, որ մեր կարգն է յետայսու խորագէտ ըլլանք օձերու նման, որպէսզի ապրինք արդարութեամբ ու կրկին վերականգնենք մեր ամբողջական Հայրենիքը:

Այստեղ կանգնած յուշակոթողը, որուն շուրջ ամէն տարի կը համախմբուինք ու կ'ոգեկոչենք մեր նահատակներու խնկելի յիշատակը՝ աշխարհի շուրջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակոթողն է, զոր կանգնել տուած է Երանաշնորհ Աստուծոյ ծառայ՝ Կարդինալ Աղաճանեանը 1939-ին, ցեղասպանութեան 25-րդ ամեակին առթիւ եւ այստեղ իր Կաթողիկոսական գահէն կը յորդորէ հայորդիները պահելու մեր քրիստոնէական հաւատքը, հայկականութիւնն ու միասնականութեան ոգին ըսելով. «Պինդ պահէ՛, ո՜վ հայ ժողովուրդ, այս հաւատքը անդենական կեանքին, ապա թէ ոչ մեր նահատակներուն ամենադառն հարուածը դուն տուած պիտի ըլլաս... եթէ թոյլատրես որ շիջանի լոյսը Քրիստոնէական հաւատքին, այն ատեն պիտի համարիս թէ՛ յաւիտենապէս եւ թէ՛ ամբողջովին, թշնամին զանոնք բնաջինջ ըրած է»:

Արաբերէն լեզուով հանդէս եկաւ պատկերասփիւռային «Աթել ան ըլ Հուրրիէ» յայտագրի հաղորդավար Սեմիր Եուսէֆ, որ իր անմիջական ելոյթով ներկայացուց իր սերտ կապը հայերուն հետ, մանկութենէն ի վեր, հարազատութեան զգացումները յայտնելով հայութեան եւ անոր արդար դատին նկատմամբ։

Յայտագրի ընթացքին օրուան խորհուրդին պատշաճ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Ալին Շալվարճեան (ուտ) եւ Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ), Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթուքճեան (մեներգ), Լիւսի Մազմանեան (ասմունք՝ «Ուխտ Արարատին»), Էտի Տորլիան եւ Ռաուատ Ապի Զէյտ (նուագ)։

Յայտագրի աւարտին, Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան բեմ հրաւիրեց Հոգեւոր Տէրը, որ ինքզինք ներկայացնելով որպէս Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբի մը որդի, որ չէ ճանչցած իր մեծ հայրերն ու մայրերը, հպարտութիւն յայտնեց նոր սերունդի հայասիրութեամբ եւ պահանջատիրութեան երթը շարունակելու կամքով։

Հոգեւոր Տիրոջ Պահպանիչով, Հսկումի յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

ԹՂԹԱԿԻՑ





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+