​ Հովուապետական Այց Դէպի Մալաթիա Եւ Էլազըղ - Հայերէն
08 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Միհր / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

04 Mayıs 2023  

​ Հովուապետական Այց Դէպի Մալաթիա Եւ Էլազըղ -

​ Հովուապետական Այց Դէպի Մալաթիա Եւ Էլազըղ ​Հովուապետական Այց Դէպի Մալաթիա Եւ Էլազըղ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 Մայիս 2023, Երեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Մալաթիոյ օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցին գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան, Մալաթիոյ մեր համայնքէն Սէրտար Պոյաճը եւ Արէտ Պոյաճը։

Շքախումբին միացան նաեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ, որոնք նախաճաշի սեղանով հիւրասիրեցին մեր Հոգեւոր Պետը։

ԱՅՑ՝ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ
Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները, ժամը 10.00-ին իր պաշտօնարանին մէջ այցելեցին Մալաթիոյ Կուսակալ Հուլուսի Շահինը։

Քաղաքավարական այցի ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնները յայտնեց երկրաշարժի պատճառած մարդկային կորուստներուն եւ աւերներուն համար եւ ըսաւ թէ մեր համայնքն ալ կորուստներ ունեցաւ։ Ցաւը բոլորիս ցաւն է։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրաշարժէն մինչեւ այսօր կատարուածներուն համար եւ խօսեցաւ աղէտեալներու համար առժամեայ բնակարաններ կառուցանելու մասին։ Այս նիւթով կարծիքի փոխանակումէն ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ անշուշտ որ հարցը կը կարօտի պետական արտօնութեան։

Յարգելի Կուսակալը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ցաւակցութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքավարական այցելութեան համար։ Պատրաստակամութիւնը յայտնեց ծրագրի իրականացման համար եւ խոստացաւ իր կարելին ընել այս մասին եւս։

Շուրջ մէկ ժամուան սիրալիր տեսակցութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը փայտեայ ձեռագործ գեղեցիկ ծաղկաման մը նուիրեց Կուսակալ Շահինին։

ԱՅՑ՝ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ
Նորին Ամենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ շքախումբին, ժամը 12.00-ին պաշտօնարանին մէջ այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ Մայր Քաղաքապետ Սէլահատտին Կիւրքանին։

Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ եկած է այցելելու մեր համայնքին, յետ երկրաշարժի՝ անձամբ ցաւակցելու իրենց եւ աղօթելու։ Հովուապետական այս այցելութեան առթիւ փափաքած էր նաեւ այցելել Քաղաքապետ Կիւրքանին։

Քաղաքապետ Կիւրքան շնորհակալութիւն յայտնեց ցաւակցական այս այցելութեան համար եւ յիշեց թէ երկրաշարժի օրերուն արդէն մեր Հոգեւոր Պետը գիրով ցաւակցած էր։ Յարգելի Քաղաքապետը երախտիքով յիշեց կատարուած բարեգործութիւնները։

Միջօրէին Քաղաքապետ Կիւրքան քաղաքապետարանի մէջ ճաշով հիւրասիրեց հիւրերը։

Յարգելի Քաղաքապետին եւս ներկայացուեցաւ առժամեայ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը, որուն համար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը տեղւոյն համայնքին, որ իր պատմութեամբ կապուած է այս քաղաքին եւ անբաժան մասն է անոր։

Նորին Ամենապատուութիւնը ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առաւ Մալաթիոյ Մայր Քաղաքապետէն։

ԱՅՑ՝ ԹԱՇ ԽՈՐԱՆ
Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այցելեցին Թաշ Խորան մշակոյթի կեդրոն՝ երբեմնի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին, որ վնաս կրած էր երկրաշարժէն։ Շէնքի բուն կառոյցը անաղարտ մնացած էր։ Վնասուած էին յատկապէս ընդարձակ պատուհանները, եւ նեքնամասի պատերուն վրայ գոյացած էին ճեղքեր որոնք ըստ ճարտարապետական տուուեալներու վտանգաւիր չէին։ Արդէն իսկ քաղաքապետը հրահանգած է որ հարկաւոր միջամտութիւնները կատարուիմ եւ նորոգուին։

ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԵՏ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ
Օրուան վերջին այցելութիւնը կատարուեցաւ դէպի Մալաթիոյ Հայոց գերեզմանատունը, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղուեցաւ քաղաքաբնակ մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ։

Պատրիարք Հայրը այստեղ զրուցեց Մալաթիոյ հայերու հետ, տուաւ իր հայրական պատգամը եւ խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի մեր ժողովուրդը մնայ իր ծննդավայրին մէջ ու երջանիկ ըլլայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մերազն ժողովուրդին եւս տեղեկութիւն տուաւ առժամեայ բնակարաններ կառուցելու ծրագրի մասին եւ հրաւիրեց Գէորգ Էօզքարակէօզը որ ծրագրուած ձեռնարկին մասին տեղեկբւթիւններ փոխանցեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը մխիթարական խօսք ուղղեց իր հօտին եւ ըսաւ թէ դժուար է, մահեր եղան, սակայն միասին է մեր Մալաթիոյ ժողովուրդը։ Եւ իրենց հետ են Պատրիարքական Աթոռը, Ստանպուլահայ մեր համայնքը, ինչպէս նաեւ արտասահմանի իրենց եղբայրներն ու քոյրերը։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ աղօթող է իրենց համար։

Նորին Ամենապատուութեան խօսքի աւարտին, կատարուեցաւ ճաշու ժամ եւ հանգստեան կարգով յիշատակուեցան Մալաթիոյ հայ համայնքի հանգուցեալ անդամները։

ՄԵԿՆՈՒՄ
Նոյն երեկոյ, Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ Մալաթիոյ մեր ժողովուրդէն ու ցամաքի ճամբով մեկնեցաւ Էլազըղ։




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+