Պատրիարքական Աթոռոյ Տարեդարձը Նշուեցաւ - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

30 Mayıs 2023  

Պատրիարքական Աթոռոյ Տարեդարձը Նշուեցաւ -

Պատրիարքական Աթոռոյ Տարեդարձը Նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Տարեդարձը Նշուեցաւ

Պատրիարքական Աթոռոյս հաստատութեան 562րդ տարեդարձը նշուեցաւ 27 Մայիս 2023, Շաբաթ առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար։ Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս միաբան հայր սուրբերն ու քահանայից դասը։ Նախ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ մաղթանքը։

Մաղթանքի աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նախ գոհութիւն ու փառք մատուցանեց Աթոռոյ 562րդ տարեդարձին առթիւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ աւելի քան 560 տարիներ առաջ հաստատուած Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ, իր ունեցած բազմաթիւ թեմերով։ Դարերու ընթացքին Աթոռը ունեցած է իր փառքի եւ նահանջի օրերը։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Աթոռի ներկայ հոգեւորականաց դասը, հանդերձ սարկաւագներով ու դպիրներով նուիրապետական մեծ կառոյց մըն է, որուն հիմնական առաքելութիւնն է եկեղեցական ու համայնքային ծառայութիւն մատուցանել եւ ըստ կարելւոյն կանգուն պահել անցեալէն փոխանցուած արժէքները։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հոգեւորականներուն իրենց ծառայութեանց համար եւ իր օրհնութիւնը տուաւ բոլորին։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով։ Ապա կազմուած թափորը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան եւ Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+