Գարակէօզեան Տունը իր ոսկեայ շրջանը կ`ապրի Խնամակալութեան գիտակից նախաձեռնութիւններու եւ իրագործումնե - Հայերէն
22 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

06 Aralık 2023  

Գարակէօզեան Տունը իր ոսկեայ շրջանը կ`ապրի Խնամակալութեան գիտակից նախաձեռնութիւններու եւ իրագործումնե -

Գարակէօզեան Տունը իր ոսկեայ շրջանը կ`ապրի Խնամակալութեան գիտակից նախաձեռնութիւններու եւ իրագործումնե Գարակէօզեան Տունը իր ոսկեայ շրջանը կ`ապրի Խնամակալութեան գիտակից նախաձեռնութիւններու եւ իրագործումներուն շնորհիւ

«Տիգրան-Նատիա Կիւլմէզկիլ» Համալիրի Մարզասրահի Բացումը Տօն Դարձաւ Ներկաներուն Համար

Գարակէօզեան որբանոց...։ Ազգային հաստատութիւն...։ 110ամեայ տարեգրութիւն, որու վերջին քսանամեակը ի պատիւ համայնքին՝ կը հիւսուի պատմութեան գնացքի ոսկեայ օղակներով, Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորութեամբ կազմուած խնամակալութեան գիտակից նախաձեռնութիւններու փայլուն իրագործումներով, առկայ կարելիութիւնները նորահաս սերունդի համար լաւագոյնս արժեւորելու համարձակ քայլերով, ուսումն ու մարզանքը, ուսումն ու արուեստը միասնաբար մեր մանուկներուն եւ դեռահասներուն ծառայեցնելու ամենատարբեր ծրագիրներով եւ «առողջ մարմին, առողջ հոգի» տրամաբանութեամբ։

Իսկապէս «ՏՈՒՆ» է Գարակէօզեանը։ Այդպիսին էր երբ կը գործէր որպէս որբանոց՝ անապահով ընտանիքներու եւ ծնողազուրկ մանուկներու եւ պատանիներու համար, այդպիսին է նաեւ հիմա, բայց արդէն՝ որպէս արդիական դիմագծութեամբ օժտուած կրթական համալիր, որ իր ունեցածէն նաեւ բաժին կը հանէ բոլորին։ Այն «տուն»ն է, որու հիւրընկալ յարկին տակ կատարուած որեւէ հանդիսութիւն, որեւէ միջոցառում լաւատեսութեան հանրագումար կը դառնայ իրականութեանց, մատուցուածի եւ տեսլականներու համադրութեամբ, այն կրթօճախն է, ուր Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը բոլոր պայմանները ստեղծած են որակաւոր ուսում ապահովելու, տղոց մարդկային նկարագիրը կերտելու գործին մէջ։

Որեւէ տարակոյս չունինք որ մեր հոգեւորականաց դասու, վարիչներու, մամլոյ սպասաւորներու, կրթական մշակներու եւ հիւրերու համար հաճելին օգտակարի հետ միացնելու, ապագայի մասին յոյսով տոգորուելու առիթներ են Գարակէօզեան Տան շրջափակէն ներս սարքուած միջոցառումները։ Այդպիսի շունչ ունէր նաեւ երէկուայ հրաշալի հանդիսութիւնը, ձօնուած «Գարակէօզեան Տան» 110ամեակին, «Արամ Նիկողոսեան» միջվարժարանային ձմրան խաղերու եւ մարզասրահի բացման։ Հոն էինք բոլորս եւ մեր բոլորին աչքերը կը փայլէին խանդավառութենէն, այն քանի մը ժամերն էին, երբ շէնշող տրամադրութեամբ մոռցած էինք առօրեայ յոգնութիւնները, «ա՛յն վայրկեան»ներն էին երբ յոգնութիւնը տեղը թողած էր գեղեցիկին, ակնահաճոյ ելոյթներուն, ուստի փառք կուտայինք Աստուծոյ եւ նախախնամութեան։

Հաւանաբար ինծի նման, ուրիշներու աչքերէն ալ ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին հայկական մեղեդիներէն փոխանցուած «աւիշ»ի, նորահաս սերունդի տողանցքէն յամեցող ապագայի յոյսերու, արուեստն ու մարզանքը իրարու հետ զուգակցելով տղոց սերմանելու եւ արդիւնքը քաղելու երջանկութեան ի տես։
Մարզասրահը շուրջ տարիէ մը ի վեր արդէն կը գործէ թէ՛ վարժարանի սաներու, թէ համայնքային միւս վարժարաններու աշակերտներու համար, Շիշլիի մարզական ակումբի մարզադպրոցներու շուրջ 230 սաներ շաբաթավերջին այստեղ կը մարզուին, իսկ վաղուընէ սկսեալ երեք օր շարունակ համայնքային նախակրթարաններու տղոց մասնակցութեամբ ձմեռնային խաղեր պիտի կայանան եւ անոնց կազմակերպութեան համար ներդրում բերած է երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Երէկուանը թէ՛ 110ամեակի, թէ՛ «Արամ Նիկողոսեան» խաղերու, թէ՛ մարզասրահի պաշտօնական բացման, թէ՛ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան հրապարակային հաշուետուութեան միջոցառումն էր։

Սրահի պաշտօնական բացման խորհրդանշական ժապաւէնը միասնաբար կտրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ՝ գործակից ընկերներու հետ միասին։

Ձմրան խաղերու մասնակից վարժարաններու աշակերտներու տողանցքը ծափերով ողջունուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ։ Օրուայ յայտագիրը հրաշալի պատրաստուած էր։ Հայերէնի ուսուցչուհի Մարի Արզումանի բացման խօսքէն ետք, համառօտ տեսաերիզով մը ներկայացուեցաւ Գարակէօզեան Տան պատմականն ու առաքելութեան ուղղութիւնները։ Տնօրէնուհի Օր. Նարօտ-Վերոնիք Գուրուղօղլու իր ելոյթի ընթացքին ներկայացուց հաստատութեան անցեալի առաքելութիւններն ու այժմու նպատակային ուղղութիւնները, ընդգծեց որ ժառանգորդներն են ա՛յդ անցեալին ու գիտակցաբար որդեգրած են չորս արժէքներ՝ յարգանք, պատասխանատուութիւն, իրարու զօրակցութիւն եւ սորվելու կամք ¤այս ելոյթի ամբողջական պատճէնը պիտի հրատարակենք մեր վաղուան թիւով։

Յաջորդեցին վարժարանի աշակերտներու ելոյթները։ Խումբ մը սաներ, երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Հերկելի հսկողութեամբ գնդակներով ռիթմի ցուցադրութիւն մը կատարեցին։ Յետոյ ընդհանրապէս մարզական ոլորտի ներկայացուցիչներ պարքովիզիոնի դրութեամբ իրենց զգացումները արտայայտեցին։ Յաջորդեցին վարժարանի սան, գեղարուեստական մարմնամարզուհիներ Այտա-Արիա Շէնոն քոյրերը՝ գնդակի, ժապաւէնի եւ օղակի համադրութեամբ սիրուն մարզաելոյթով։ Վարժարանի արդիական պարերու խումբի աղջիկներու կատարումը եւս տպաւորիչ էր։ Ցուցադրութեանց բաժնի վերջին մասը յատկացուած էր «Էքշըն շով» խումբին, որոնք կողովագնդակի մարզաձեւի ներկայացուցիչներ էին եւ մարզագնդակի հետ «կը խաղային» մարմնամարզական տարբեր «ֆիկիւր»ներով հասնելով մինչեւ կողովագնդակի ցանց։

Յաջորդեց Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Իր ելոյթը հրապարակային հաշուետուութիւն էր խնամակալութեան գործունէութեան մասին։ Ըսաւ որ հսկայական աշխատանք կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել, բոլոր կարելիութիւնները կեդրոնացնելով նորահաս սերունդի ապագային համար։ Իրենց վարժարանի սաներուն կը զօրակցին լիսէի եւ համալսարանական ուսման շրջաններուն, նիւթապէս կ'օժանդակեն աւելի քան 130 ընտանիքներու, 900 հազար լիրայի կրթաթոշակ տրամադրած են վարժարանէն շրջանաւարտ այն տղոց, որոնք իրաւունք շահած են ուսանելու օտար վարժարաններու մէջ, եռամսեայ դրութեամբ մամուլին ալ կը սատարեն, մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն կը կատարեն քոյր հաստատութիւններուն, 2015էն մինչեւ 2023 թուական կրթութեան ոլորտի մէջ ծախսերը հասած են 11 միլիոն 675 հազար տոլարի։ Եւ այսպէս շարունակ... ամէն ինչ յանուն տղոց ապագայի կարգախօսով եւ ծառայասիրութեան ոգիով, ունեցածը տեղին գործադրութիւններով արժեւորելու վճռակամութեամբ ու ոգիով։

Խնամակալութիւնը երախտագիտութեան պարտք ալ ունէր նախկին գործակիցներուն. Տիկին Անի Պէրպէրօղլու, Պր. Գրիգոր Չընկըրեան, Տիկին Հիլտա Վոլքան եւ Պր. Բարսեղ Ճանճիկեան յուշանուէրներ ստացան Ատենապետի եւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ վարժարանի ծնողներէն Շահան Արմաղանի, որ կամաւոր կերպով ծրագրած է Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան կայքէջը։

Յիշարժան պահեր էին, գնահատանքի ջերմագին ծափերը պար բռնած էին սրահին մէջ ու խանդավառութիւնը հասցուցած՝ գագաթնակէտին։ Պատրիարք Հօր հուսկ բանքը չէր կրնար տարբեր շունչ մը ունենալ, ուղղուած էր տղոց, անոնց հետ հրապարակային երկխօսութիւն էր՝ Գարակէօզեան վարժարանի, Տիգրան-Նատիա Կիւլմէզկիլի, հայ ինքնութեան, մեր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ ապագայի մասին։

Խմբանկարներուն ու շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց ճոխ ընդունելութիւն մը։ Մեր մեծ ընտանիքն էր հաւաքուած՝ «Գարակէօզեան որբանոց-տան» ջերմագին շունչին տակ։


ՄԱՐՄԱՐԱի խմբագրակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը՝ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու բոլոր գործակիցներ, վարժարանի Տնօրէնուհի Օր. Նարօտ-Վերոնիք Գուրուղօղլուն եւ ուսուցչաց կազմը, պաշտօնէութիւնը, որոնք ձեռք ձեռքի տուած պատմութիւն կը կերտեն այս նախախնամական տան ապագային համար։


Ն. Ս.





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+