Էրվապ-Ի Երէկուան Ժողովը - Հայերէն
12 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անի / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

12 Aralık 2023  

Էրվապ-Ի Երէկուան Ժողովը -

Էրվապ-Ի Երէկուան Ժողովը Էրվապ-Ի Երէկուան Ժողովը

Էրվապ Երէկ Իր Հերթական Ժողովը Գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի «կոմիտաս» Սրահին Մէջ։ Ինչպէս Աւելի Առաջ Հաղորդած Էինք, Այս Ժողովին Նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Իր Քով Ունենալով Էրվա Պի Նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, Ատենադպիր Լեւոն Գուզիքօղլուն, Աքսէլ Թօփալեանն Ու Մանուկ Էօղէրը։

Օրակարգի Վրայ Երեք Հարց Կար. Ելմտական, Կրթական Եւ Երկրաշարժներու Դէմ Պաշտպանութեան Հարցերով Յանձնաժողովի Ատենապետները Իրենց Դիտարկումներն Ու Տեղեկագրերը Պիտի Ներկայացնէին Ժողովականներուն։ Չորրորդ Հարցը Պատրիարքարանի Պիւտճէի Տեղեկագիրն Էր, Որ Ներկայացուեցաւ Արեգ Ֆէրահեանի Կողմէ։

Ժողովը Բաւական Երկար Տեւեց, Գրեթէ 4-5 Ժամ։ Ելմտական Յանձնաժողովի Նախագահ Հերման Կիւրճեան Խօսեցաւ Վագըֆներու Տարեկան Տեղեկագրերու Մասին, Նշեց Որ Կարգ Մը Վագըֆներ Արդէն Իսկ Ամենայն Մանրամասնութեամբ Ներկայացուցած Են Իրենց Ելմտական Պիւտճէն, Իսկ Անոնք, Որոնք Տակաւին Չեն Պատրաստած Ու Չեն Ներկայացուցած, Պարտին Ամենակարճ Ժամանակի Մէջ Աւարտին Հասցնել Այդ Գործը։

Կրթական Յանձնաժողովի Նախագահ Աքսէլ Թօփալեան Դիտել Տուաւ Որ Աշխատութիւնները Կը Շարունակուին, Ինք Ու Յանձնախումբի Իր Գործակից Ընկերները Ծրագիրներ Կը Մշակեն Դպրոցները Բարեփոխելու, Մեր Կրթօճախներու Մէջ Ուսման Որակը Բարձրացնելու, Դպրոցներու Պիւտճէն Հաւասարակշռելու Համար Հաստատուն Աղբիւրներ Գտնելու Ուղղութեամբ։

Երկրաշարժներէ Պաշտպանութեան Գծով Յանձնախումբի Նախագահ Գէորգ Էօզգարակէօզի Ելոյթը Կեդրոնացաւ Մեր Դպրոցներու Շէնքերուն Եւ Վագըֆներու Կառոյցներուն Վրայ։ Քանի Որ Երկրաշարժի Վտանգը Միշտ Կայ, Առաջնահերթ Անհրաժեշտութիւն Է Ամրացնել Մեր Կառոյցները, Յետագային Աւելի Մեծ Ծախսերէ Խուսափելու Համար։

Կը Սպասէինք Նաեւ Որ Մամուլի Հարցն Ալ Քննարկուէր։ Քանի Որ Ժամանակը Բաւական Յառաջացած Էր, Որոշուեցաւ Որ Այս Հարցը Հանգամանալից Կերպով Քննարկուի Յառաջիկայ Ժողովի Ընթացքին։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Հարիւր Տարեկան Է։ Այս Հանգրուանի Առիթով Որոշուեցաւ Որ Համայնքային Տարողութեամբ Միջոցառում Մը Կազմակերպուի Պատմական Այս Առիթով Հայ Համայնքի Մասնակցութիւնը Արձանագրելու Համար։

Ասորի Համայնքէն Ճան Ուսթապաշը Վերընտրուած Է. Կառավարութեան Առընթեր Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Մէջ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցչի Պաշտօնը Դարձեալ Ուսթապաշճըին Վստահուեցաւ։ Երէկուայ Ժողովի Ընթացքին Այս Մասին Ալ Խօսուեցաւ, Որովհետեւ Մեր Վագըֆներէն Ներկայացուցիչներ Գացած Եւ Քուէարկած Էին։

Եւ... Օրուան Անակնկալը։
Քանի որ 11 Դեկտեմբերը Պատրիարք Հօր ընտրութեան թուականն է, երէկ Դ. տարեդարձի առիթով Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան սրահ բերուեցաւ ծաղ մը, որ կտրուեցաւ Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ժողովականները ծափերով եւ բարեմաղթութիւններով շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+