Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածո - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

17 Mart 2024  

Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածո -

Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածո Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածութեան

Եւրոպական խորհրդարանը չորեքշաբթի, 13 մարտի լիագումար իր նիստին բացարձակ մեծամասնութեամբ` 504 թեր, 4 դէմ, 32 ձեռնպահ ձայներով, վաւերացուց Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան կապերը առաւել եւս սերտացնելու եւ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութեան նեցուկ կանգնելու բանաձեւը:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները համոզուած են, որ եթէ Հայաստան շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալով եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, անոնք կրնան հիմք հանդիսանալ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլին համար:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները ընդունուած բանաձեւով Եւրոպական Միութեան գործադիրին կոչ ուղղեցին` աշխուժ կերպով աջակցելու Հայաստանին Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդարձակման, ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլ նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, ոլորտային համարկման եւ ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութան գծով:

Ըստ Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին` բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կ՛ողջունեն եւ կ՛ընդունին Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել միտող Հայաստանի վճռական փափաքը եւ կոչ կ՛ուղղեն Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն` Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին` դրական արձագանգելու այս փափաքին եւ շարունակելու իրականացնել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան նոր համաձայնեցուած օրակարգը` ընդգծելով համագործակցութեան յաւակնոտ միացեալ առաջնահերթութիւններու աշխուժ հետապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ ժամանակն է Հայաստանի հետ սկսելու վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան:

Բանաձեւին մէջ նշում կայ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան:

Բանաձեւը կը դատապարտէ ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք եւ անոր որոշ հատուածներու շարունակուող բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ անիկա կը վերահաստատէ ազրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան ամբողջ տարածքէն դուրս բերելու իր պահանջը: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները մտահոգութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանի նախագահին եւ այլ պաշտօնեաներու կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող յայտարարութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ` Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող արտաքին միջանցք պահանջելուն գծով:

Բանաձեւը կը շեշտէ, որ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ուղիին հարցը պէտք է լուծուի` յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան:

Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներու դրութիւն սահմանելու այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ նաեւ Արցախի հայկական մշակութային, կրօնական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան եւ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ այդ բոլորին ոչնչացման, վանտալիզմի ենթարկուելուն եւ պղծուելուն գծով: Անիկա նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` պահպանելու մշակութային այդ հարստութիւնը, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու համար:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` Արցախի հայերուն հետ անկեղծօրէն ներգրաւուելու համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ` ապահովելու անոնց իրաւունքներու յարգումը եւ երաշխաւորելու անոնց ապահովութիւնը, արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձը իրենց տուները` միջազգային հսկողութեան տակ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կոչ կ՛ուղղեն Ազրպէյճանին` ազատ արձակելու Արցախի եւ Հայաստանի բոլոր բնակիչները, որոնք կը շարունակեն Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած մնալ, անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ եւ արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի բոլոր որոշումները:

Յիշեցնելով, որ Հայաստան կը վերանայի ՀԱՊԿ-ին իր անդամակցութիւնը` բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան` դրական արձագանգելու Հայաստանի Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով իրեն աջակցութիւն ցուցաբերելու խնդրանքին:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներուն վրայ` 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, սահմաններու սահմանազատման` Խորհրդային Միութեան բանակի սպայակոյտի համապատասխան քարտէսներուն համաձայն:

Բանաձեւը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր առկախ հարցերուն շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման` նպատակ ունենալով կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր մը եւ կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն` բոլորովին հաւատարիմ մնալու երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու:

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ կշռոյթին Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ անոնք կը շնորհաւորեն նախագահ Ալիեւը` իր վերընտրուելուն առիթով` չյիշատակելով Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, մանաւանդ որ Ազրպէյճան պատասխանատու է Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման:

Ազրպէյճանի Արձագանգը
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է, որ 13 մարտին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ որդեգրուած «Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աւելի սերտ կապերու եւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը ոչ միայն անհիմն եւ կողմնակալ է, այլ նաեւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ երկակի չափանիշներու կիրարկման եւս մէկ վառ օրինակ է:

«Հակառակ անոր որ բանաձեւը կը ներկայացուի իբրեւ խաղաղութեան աջակցելու քայլ եւ իբրեւ թէ նուիրուած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, իրականութեան մէջ անիկա Ազրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւի շարունակութիւնն է, որուն ընթացքին բոլոր փաստերը կը կեղծուին», ըսած է Հաճիզատէ` պնդելով, որ բանաձեւին բովանդակած «անհեթեթ եւ վիրաւորական» յայտարարութիւնները յստակօրէն ուղղուած են «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան» դէմ:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին միջամտելու փոխարէն, աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ Եւրոպական խորհրդարանը սկսէր զբաղիլ Եւրոպան պատուհասող աւելի լուրջ խնդիրներով», ըսած է Հաճիզատէն:






Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+