​Տաղաւարի Հրճուանք Եւ Աւանդութիւններու Վերապրում - Հայերէն
13 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Պարխար / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

09 Temmuz 2024  

​Տաղաւարի Հրճուանք Եւ Աւանդութիւններու Վերապրում -

​Տաղաւարի Հրճուանք Եւ Աւանդութիւններու Վերապրում ​Տաղաւարի Հրճուանք Եւ Աւանդութիւններու Վերապրում

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Այս տարի եւս Վարդավառը առիթ դարձաւ, որպէսզի հաւատացեալները թէ՛ տաղաւարի հրճուանքը ապրին եւ թէ աւանդութիւններու վերապրումով բարձր տրամադրութեամբ համակուին։ Պայծառակերպութեան տօնի՝ Վարդավառի հիմքին Թաբոր լերան վրայ Քրիստոսի այլակերպուելու եւ աշակերտներուն աստուածային փառքով երեւնալու մասին աւետարանական պատմութիւնն է։

Իսթանպուլի մէջ ալ տաղաւարի առթիւ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հանդիսապետեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւներուն։ Դարաւոր սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութիւնը համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալի բարձունքին արտասովոր խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ Վարդավառի առթիւ։ Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին մեր համայնքին անդամները կուտակուած են կղզիի մէջ՝ տօնակատարութիւններն ալ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցան։ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին եւ այլ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ բացօթեայ անդաստան, որու ընթացքին արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ տօնական ուրախութիւնը շարունակուեցաւ՝ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած խրախճանքով։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ ներկաները հայկական պարերով վերացան, անշուշտ, մթնոլորտէն անմասն չէին նաեւ ջրախաղերը։ Հարիւրաւորներ գիրկընդխառնուեցան աղօթքով, հրճուանքով, նաեւ բարի մաղթանքներով։








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+