Շեւցով. «Թրամփի Ուղի»-ի Նպատակներէն Մէկը Իրանի Սահմանին Վրայ Ամերիկեան Զինուորական Եւ Հետախուզական Ներկայո -
Շեւցով. «Թրամփի Ուղի»-ի Նպատակներէն Մէկը Իրանի Սահմանին Վրայ Ամերիկեան Զինուորական Եւ Հետախուզական Ներկայութեան Ապահովումն Է»
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցով յայտարարած է. «Թրամփի ուղի»-ի նպատակներէն մէկը Իրանի սահմանին վրայ ամերիկեան զինուորական եւ հետախուզական ներկայութեան ապահովումն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մեր անդրովկիանոսեան գործընկերները լրջօրէն կ՛ապահովեն ամերիկեան բոլոր ներդրումներուն անվտանգութիւնը: Ի՞նչը անոնց կը խանգարէ այդ տարածք սեփական զինուորական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ուղարկել: Եւ ակնյայտ է, թէ ատոր ինչպէ՛ս պիտի արձագանգեն իրանցիները», նշած է ռուս պաշտօնատարը:
«Նաեւ մեծ հարց է, թէ արդեօք օտարերկրեայ զինուորական ներկայութիւնը, նոյնիսկ սեփական զինուորական ընկերութեան տեսքով, անհրաժե՞շտ է, ըսենք, Վրաստանին կամ Ազրպէյճանին: Հարցականները առաւել եւս կը շատնան, երբ կը յիշես միջինարեւելեան ճգնաժամի եւ Պարսից ծոցի այն պետութիւններուն մասին, որոնք իրենց տարածքին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ տեղակայած են, եւ նաեւ, թէ ի՛նչ ճակատագիրի արժանացան այդ ռազմակայանները», նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com