Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է» -
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
«Ջրային հարստութիւններու պակասը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ մեր ամբողջ շրջանին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առիթով հրապարակած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Կասպից ծովու մակարդակի նուազումը, որ կը մօտենայ վերջին երկու հարիւրամեակներու պատմական նուազագոյնին, այս խնդիրի լրջութեան վառ ապացոյցն է», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com