Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է - Հայերէն
06 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Մադեղ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

06 Haziran 2026  

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է -

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին  Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է

Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմի ընթացքին գաղտնաբար Ազրպէյճանի մէջ զինուորական եւ հետախուզական մասնայատուկ ուժեր տեղակայած է` Իրանի դէմ գործողութիւնները դիւրացնելու համար Միջին Արեւելքի մէջ տարածուած գաղտնի դիրքերու ցանցի ծիրին մէջ:

Աղբիւրները պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ այդ ուժերը գործած են Ազրպէյճանի հարաւը Իրանի հիւսիային սահմաններուն սահմանակից շարք մը դիրքերու մէջ, եւ 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ իրանեան Թաւրիզ քաղաքէն, զոր Իսրայէլ պատերազմի ընթացքին հարուածեց:

«Սի.Էն.Էն.» լուսարձակները կեդրոնացուց այն դերերուն վրայ, զորս պաշտօնապէս եւ ոմանք առանց իմանալու կամ ամբողջական հաւանութեան խաղացին Թեհրանի դէմ գործողութիւնները դիւրացնելու եւ հակամարտութեան մէջ ներքաշուելու առումով:

Պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ գաղտնի դիրքերուն կողքին Իսրայէլ շարք մը գաղտնի ռազմակայաններ ու դիրքեր ունէր շարք մը երկիրներու մէջ, որոնց շարքին Իրաքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սոմալիլանտի մէջ:

Աղբիւրներէն մէկը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ գործողութեան մասնակցած են քանի մը տասնեակ զինուորներ եւ Մոսատի անդամներ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բանբերը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք Ազրպէյճանի հողերու այլ երկիրներու դէմ գործողութիւններ կատարելու համար օգտագործման մասին անհիմն պնդումները»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդած լուրը` նշելով, որ պատկերասփիւռի կայանէն կը սպասէ, որ հերքէ յօդուածը, որ, ըստ նախարարութեան պնդումին, Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլեան ուժերու տեղակայման վերաբերեալ անարդարանալի պնդումներ կը բովանդակէր:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+