Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Ռուսիոյ Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած» - Հայերէն
06 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Մադեղ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

06 Haziran 2026  

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Ռուսիոյ Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած» -

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք  Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Ռուսիոյ  Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած» Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Ռուսիոյ Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած»

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը շարադրուած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ եւ փոփոխութիւններ չէ կրած: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք Հայաստանի մէջ պէտք է տեղի ունենան 7 յունիսին` ուղղակի այս օրերուն, ապա Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին մեր դիրքորոշումը շարադրած է, եւ այդ դիրքորոշումը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած», լրատու գործակալութեան ըսած է Զախարովա:

Փութին ապրիլին Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Փաշինեանի հետ եւ անոր հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած էր, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու նախաշեմին ներքաղաքական հոլովոյթներու սրումը պէտք չէ վնասէ Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն:

Զախարովա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ ալ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները Հայաստանին կը մօտենան իրենց խլելու եւ թալանելու տրամաբանութեամբ, անոնց պէտք են Հայաստանի հազուագիւտ հողային հարստութիւնները:

Դիւանագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ տարբեր կարծիքներու վրայ:

«Կարելի է շարունակել մնալ որոշ պատրանքներու մէջ, կամ կարելի է նայիլ իրականութեան աչքերուն եւ տեսնել այն, ինչ որ իրականութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ», յորդորած է ան:

«Արեւմուտքի մէջ «խլելու, թալանելու, իւրացնելու, նուաստացնելու եւ ոչնչացնելու» մօտեցումի տրամաբանութիւնը, ցաւօք, կենդանի է, եւ անոնք զայն նաեւ Կովկասի մէջ կը կիրարկեն», ըսած է Զախարովա:

Իբրեւ օրինակ ան նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի վերջերս Հայաստան այցելութիւնը:

«Ան չէր կնքեր միջազգային պայմանագիրներ, որոնք պարտադիր բնոյթ կը կրեն երկու կողմերուն համար, ոչ, այլապէս ատիկա իրաւահաւասարութիւն պիտի ըլլար: Ստորագրուեցան որոշ հռչակագրային փաստաթուղթեր, սակայն ատոր հետ մէկտեղ կը նկատուի ակնյայտ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, միտում դէպի պաշարներ եւ հազուագիւտ հողային ոլորտներ, որոնք Միացեալ Նահանգներուն շատ կը հետաքրքրեն», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Այսինքն` կարծես թէ ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կայ, սակայն ամրագրել այն, ինչ որ իսկապէս անհրաժեշտ մասն է ապագայ զարգացման` հաշուի առնելով թուայնացումը, բարձր ճարտարագիտութիւնները եւ արհեստական բանականութիւնը, անոնք ամրագրեցին», նշած է Զախարովա` նման մօտեցումը կոչելով «պայքար»:

Ան յիշեցուց, որ Երեւանի մէջ Ռուպիոյի հետ ստորագրուածին նման թուղթեր ստորագրուած էին նաեւ ամերիկեան նախորդ վարչակազմին օրով: «Ատկէ ի՞նչը կատարուած է, պիտի ուզէի հարցնել», հետաքրքրուած է ան:

«Այս թուղթին վրայ մնացողը միայն մտադրութիւններու հռչակագիր չէ, ասիկա հանրային կապի արշաւ չէ. եկան, ստորագրեցին, ձեռք սեղմեցին, յետոյ հեռացան եւ մոռցան: Այն, ինչ որ մեր կողմէ կը ստորագրուի, կատարուած է եւ կը կատարուի: Եւ կը կատարուի ի շահ մեր երկիրներու ժողովուրդներուն», ըսած է ան:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+