Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Քաղաքական Ապագան Պէտք Է Միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիները Որոշեն» - Հայերէն
06 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Մադեղ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

06 Haziran 2026  

Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Քաղաքական Ապագան Պէտք Է Միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիները Որոշեն» -

Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Քաղաքական Ապագան  Պէտք Է Միայն Հայաստանի Հանրապետութեան  Քաղաքացիները Որոշեն» Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Քաղաքական Ապագան Պէտք Է Միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիները Որոշեն»

Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն «Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան, ներառեալ Հայաստանի` իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յարաբերութիւնները որոշելու իրաւունքը»: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած բացառիկ մեկնաբանութեան մէջ նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Պատասխանելով յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մէջ արտաքին միջամտութեան մասին հաղորդումներուն եւ ամերիկացի օրէնսդիրներու նախազգուշացումներուն մասին «Ազատութեան» հարցումներուն` արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները որոշեն:

«Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մասին: Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարութիւնը եւ իր ապագան կառուցելու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է կարեւորութիւնը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ խորացող յարաբերութիւններուն եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին, որուն շրջագծային համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 4 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, եւ օրեր առաջ ալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կողմէ:

«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարի (Ռուպիոյի, «Ա.») Երեւան վերջին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, ԹՐԻՓՓ-ը առանցքային եւ երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բերելու գործին մէջ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+