Համբարեան. «Եթէ Մենք Շարունակենք Զիջումներ Կատարել Ազրպէյճանին, Ապա Պիտի Ստանանք Միայն Նոր Ճնշում - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

25 Haziran 2026  

Համբարեան. «Եթէ Մենք Շարունակենք Զիջումներ Կատարել Ազրպէյճանին, Ապա Պիտի Ստանանք Միայն Նոր Ճնշում -

Համբարեան. «Եթէ Մենք Շարունակենք Զիջումներ  Կատարել Ազրպէյճանին, Ապա Պիտի Ստանանք  Միայն Նոր Ճնշում Համբարեան. «Եթէ Մենք Շարունակենք Զիջումներ Կատարել Ազրպէյճանին, Ապա Պիտի Ստանանք Միայն Նոր Ճնշումներ, Նոր Բռնութիւններ Եւ Նոր Յարձակումներ»

«Այս օրը` ազրպէյճանական պատանդառութեան քաղաքականութեան 1000-րդ օրը, մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը խաղաղութեան համար` իրական խաղաղութեան, արդար խաղաղութեան համար: Խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, եթէ կ՛արդարացուին Ազրպէյճանի կողմէ պատանդներու պահումը, տարածքներու բռնագրաւումը, քրիստոնէական սրբավայրերու ոչնչացումը, որոնցմէ ոմանք կը թուագրուին նոյնիսկ առաջին դարու կամ Արցախի փախստականներու` իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի ոտնահարումը», Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Ըստ անոր, կեղծ խաղաղութիւնը այն է, որ պիտի ամրապնդէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ձեռքբերումները եւ վերջնականապէս պիտի զրկէ մարդիկը իրենց հայրենիքէն. «Կեղծ խաղաղութիւնը այն է, որ պիտի պարգեւատրէ Ազրպէյճանը ամերիկացի հարկատուներուն միջոցներով: Յիշեցէ՛ք իմ խօսքերս. եթէ մենք շարունակենք զիջումներ կատարել Ազրպէյճանին, ապա պիտի ստանանք միայն նոր ճնշումներ, նոր բռնութիւններ եւ նոր յարձակումներ: Միացեալ Նահանգներու հարկատուներուն միջոցներով ֆինանսաւորուող բռնութիւնները կ՛իրականացուին ամերիկեան շահերուն հաշուոյն եւ կը յանգեցնեն նոր կորուստներու` մարդկային կեանքերու ու հայրենի հողերու կորուստի: Գինը կը վճարեն հայերը, մինչդեռ բոլոր օգուտները կը հասնին Պաքուին: Իւրաքանչիւր զիջում եւ իւրաքանչիւր փոխզիջում կը հանդիպի Ազրպէյճանի նոր պահանջներուն: Իսկական խաղաղութիւնը, արդար խաղաղութիւնը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն: Անիկա պէտք է սկսի նոյնինքն այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ, մեր Քոնկրեսին մէջ եւ մեր կառավարութեան կողմէ:

«Այդ կը նշանակէ ապահովել արդէն 1000 օր անազատութեան մէջ պահուող պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը, ապահովել ազրպէյճանական զօրքերի դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, ապահովել արցախահայութեան անվտանգ վերադարձը Արցախ` միջազգային երաշխիքներու եւ հովանաւորութեան ներքեւ, ապահովել քրիստոնէական սրբավայրերու եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, լիարժէքօրէն կիրարկել Ազրպէյճանի նկատմամբ գործող օրէնսդրական սահմանափակումներն ու պատժամիջոցները եւ պաշտպանել ամերիկացի հարկատուները` թոյլ չտալով, որ անոնց միջոցները նպաստեն հետապնդումներուն եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն»:

Արամ Համբարեան ըսաւ, թէ Պաքուն կ՛ըսէ, որ այս պահանջները խոչընդոտներ են խաղաղութեան ճանապարհին, եւ միեւնոյն ժամանակ նկատեց. «Սակայն իրականութիւնը այն է, որ անոնք նոյնինքն իսկական եւ կայուն խաղաղութեան հիմնաքարերն են: Խաղաղութիւն, որ հիմնուած է արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան վրայ»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+